Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զուիցերիոյ Դեսպանատան Գործավարը Կանչուած Է Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

March 28, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածած է` Զուիցերիոյ մայրաքաղաք Պեռնի մէջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի քաղաքականութիւնը քննադատող բողոքի ցոյցին վերաբերեալ: «Արմէնփրես», վկայակոչելով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքը, կը հաղորդէ, որ կատարուածին առնչութեամբ արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուած է Թուրքիոյ մէջ Զուիցերիոյ դեսպանատան գործերու հաւատարմատարը:

Արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ ցոյցը որակած են իբրեւ բռնութիւնն ու ահաբեկչութիւնը խրախուսող գործողութիւն: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն յայտնած են, որ կը հետեւին Զուիցերիոյ դաշնակցային կառավարութեան կողմէ այս ցոյցին առնչութեամբ ձեռնարկուելիք իրաւական ու վարչական քայլերուն:

Յայտարարութեան մէջ կը նշուի նաեւ, որ խնդիրին առնչութեամբ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է զուիցերիացի իր պաշտօնակիցին հետ:

Զուիցերիոյ մէջ Թուրքիոյ նախագահին եւ թրքական կառավարութեան քաղաքականութիւնը դատապարտող բողոքի ցոյց կազմակերպուած է: Բողոքի ցոյցի` քանի մը հազարի հասնող մասնակիցները Պեռնի մէջ կոչ ուղղած են պահպանելու ազատութիւններն ու ժողովրդավարութիւնը Թուրքիոյ մէջ: Ցուցարարները նաեւ բարձրացուցած են մեծ սեւ պաստառ մը, որուն վրայ նկարուած եղած է Թուրքիոյ նախագահը, որուն գլխուն մօտ նկարուած է ատրճանակ մը: Պաստառին վրայ եղած է հետեւեալ գրութիւնը. «Սպաննեցէ՛ք Էրտողանը անոր սեփական զէնքերով»:

Ցոյցին ընթացքին բարձրացուած են Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան` ՔԱԿ¬ի խորհրդանիշները:

Նախորդը

Լը Փեն. «Եկած Է Համաշխարհայնացումին Աջակցողները Ջախջախելու Ժամանակը»

Յաջորդը

Անդրադառնալով Եւրոպական Միութեան Երկիրներու Ղեկավարներուն Պապին Հետ Հանդիպումին. «Այդ Խաչակիր Դաշինքը Իր Դէմքը Ցոյց Տուաւ» Ըսաւ Էրտողան

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.