Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Հայաստանի Նախագահին Տեղեկացուցած Են Պաքուի Մէջ Տեղի Ունեցած Իրենց Հանդիպումներուն Մասին

March 28, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովը (Ռուսիա), Ռիչըրտ Հոկլանտը (Միացեալ Նահանգներ), Սթեֆան Վիսքոնթին (Ֆրանսա) եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիքը:

Հանդիպումին զրուցակիցները քննարկած են ղարաբաղեան տագնապի  խաղաղ լուծման հոլովոյթին վերաբերող հարցեր, անդրադարձած  արցախ-ազրպէյճանական տագնապի շփման գիծին մէջ տիրող իրավիճակին:

Համանախագահները Հայաստանի նախագահին տեղեկացուցած են Պաքուի մէջ տեղի ունեցած իրենց հանդիպումներուն մասին:

Հանդիպումին մասնակիցները կարեւոր նկատած են բանակցային հոլովոյթին մէջ տագնապի խաղաղ լուծման ուղղուած յանձնառութիւններուն կողմերու հաւատարմութիւնը, ինչպէս նաեւ Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ բարձր մակարդակով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման անհրաժեշտութիւնը:

Ամերիկեան Քաղաքականութիւնը Կը Մնայ Անփոփոխ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ռիչըրտ Հոկլընտ երէկ Երեւանի մէջ լրագրողներու հետ հանդիպումի ընթացքին յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգները ամերիկեան վարչակազմի փոփոխութենէն ետք չեն փոխած իրենց դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման նկատմամբ:

«Այո՛, մենք Ուաշինկթընի մէջ նոր վարչակազմ ունինք, սակայն կը հաւաստեմ, որ մեր քաղաքականութիւնը կը մնայ անփոփոխ: Մենք հաւատարիմ կը մնանք տագնապի լուծման Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափին, պատրաստ ենք աշխատելու բոլոր կողմերուն հետ, որպէսզի խաղաղ լուծում գտնենք», նշեց Հոկլընտ:

Ան աւելցուց, որ շատ սերտ կերպով կ’աշխատի ֆրանսացի եւ ռուս համանախագահներուն հետ: «Մենք միասին ժամերով կը նստինք, կը խօսինք բոլոր մանրամասնութիւններուն, մանր հարցերուն մասին: Մեր միջեւ սուր տարակարծութիւններ չկան, նոյնը կը վերաբերի մեր երկիրներու իշխանութիւններուն: Նոյնիսկ եթէ որոշ այլ հարցերու մէջ մեր երկիրները կրնան տարակարծութիւններ ունենալ, սակայն ասիկա այն հարցն է, որուն շուրջ մենք միասին շատ լաւ կը կարենանք աշխատիլ», ըսաւ ան:

«Մենք եւ մեր քաղաքական ղեկավարները կը փորձենք գտնել այն միջավայրը, ուր կրնան տեղի ունենալ ղարաբաղեան տագնապի կողմերու ղեկավարներուն այդ հանդիպումները», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ այս պահուս հոլովոյթ կայ, ինչ որ գաղտնիք չէ:

«Յոյսով ենք, որ մօտիկ ապագային, սակայն ոչ մէկ ամիս ետք, երկու արտաքին գործոց նախարարները պիտի հանդիպին նախագահներու հանդիպում պատրաստելու համար: Դիւանագիտական հոլովոյթները այս պահուս կ’ընթանան», ըսաւ ան:

Ան նշեց, որ իրենց գործն է խօսիլ բոլոր դերակատարներուն հետ: «Վաղը մենք Լեռնային Ղարաբաղ կ’ուղղուինք, պիտի հանդիպինք Ստեփանակերտի իշխանութիւններուն հետ: Կ’ուզենք վստահ ըլլալ, որ բոլորը գիտեն, թէ որո՛նք են լուծման տարբերակները: Ժամանակն է բանակցութեան: Մենք չենք կրնար բռնութիւնները իբրեւ լուծում նկատի ունենալ այս երկար շարունակուող խնդիրին համար: Բռնութիւնը լուծում չէ: Բռնութիւնը կը կործանէ ընտանիքները, բռնութիւնը կը հարուածէ տնտեսութիւնը: Մենք պէտք է փորձենք ամէնէն դրական լուծումները գտնել», ըսաւ ան:

Լրագրողներէն մէկուն այն հարցումին, թէ ի՛նչ մանրամասնութիւններ կրնայ հաղորդել քննարկուող «Լաւրովի ծրագիր»¬ին մասին, Հոկլընտ պատասխանեց, որ հիմա բանակցութեան սեղանին վրայ կայ ծրագիր, որ շատ ընդգրկուն է, սակայն ինք զայն «Լաւրովի ծրագիր» չ’անուաներ:

«Կայ ծրագիր մը, որ կը քննարկուի, անիկա երեք մասերէ բաղկացած է: Տեղին չէ, որ ես ատոր մասին մանրամասնութիւններ ներկայացնեմ: Երկու կողմերը, որոնք կը բանակցին ատոր շուրջ, պէտք է առանձին հարցերու շուրջ տակաւին աշխատին: Եւ դիւանագիտութեան մէջ, ինչպէս թուղթի խաղին մէջ, չես կրնար բոլոր խաղաքարտերը սեղանին վրայ դնել: Ծրագիրին մէկ մասը կրնայ փոփոխութիւն կրել, այդ իսկ պատճառով մենք մանրամասնութիւններու մասին չենք խօսիր», ըսաւ ամերիկացի համանախագահը:

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեան. «Երբեք Երկմտանք Պիտի Չունենամ Անհրաժեշտութեան Պարագային «Իսքանտեր»-ի Համազարկի Հրաման Արձակելու»

Յաջորդը

Լը Փեն. «Եկած Է Համաշխարհայնացումին Աջակցողները Ջախջախելու Ժամանակը»

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.