Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Հանդիպում Ունեցաւ Դաշնակցութեան Ներկայացուցիչներուն Հետ

March 28, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ  Միլզ երէկ` 27 մարտին, այցելեց ՀՅ Դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն մարմին: Ան  հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանի, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Սպարտակ Սէյրանեանի եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, ՀՅԴ նախընտրական գրասենեակի պատասխանատու Աղուան Վարդանեանի հետ:

Ողջունելով դեսպանը` ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան նախ ներկայացուց Դաշնակցութեան քարոզարշաւին  ընթացքը, մօտեցումները, ապա կարեւոր նկատեց ընտրութիւններուն նկատմամբ հասարակութեան վստահութեան բարձրացումը: Վարդանեան շնորհակալութիւն յայտնեց միջազգային կազմակերպութիւններուն այն աջակցութեան համար, որուն շնորհիւ  այսօր կեանքի կոչուած են ընտրական օրէնսգիրքի շարք մը պահանջներ, կարելի եղած է անհրաժեշտ արհեստագիտական միջոցներ ձեռք բերել:

Դեսպան Միլզ իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ Հայաստանի իւրաքանչիւր քաղաքացիի քուէն կենսական նշանակութիւն ունի: «Քուէարկելու իրաւունք ունեցող բոլոր մարդոց ես կը շարունակեմ յորդորել 2 ապրիլին մասնակցելու քուէարկութեան` գիտնալով, որ անիկա փակ է եւ գաղտնի եւ, որ տեղամասերուն մէջ կիրարկուող նոր արհեստագիտութեամբ իրենց քուէարկութեան արդիւնքը պիտի չարձանագրուի: Շատ կարեւոր է, որ բոլոր կողմերը հանդէս գան պատասխանատու վերաբերմունքով եւ  հետեւին օրէնքին թէ՛ քարոզչութեան շրջանին, եւ թէ՛ քուէարկութեան օրը: Հաւասարապէս կարեւոր է նաեւ այն, որ ընտրողներն ալ իրենց կարգին պատասխանատու ըլլան` կաշառք չընդունին եւ այսօր տրուող քանի մը դրամի դիմաց չվաճառեն իրենց երեխաներուն ապագան», նշեց ան:

ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան նշեց, որ Հայաստանի մէջ սկսած է որակական փոփոխութիւններու հոլովոյթ մը, որուն միայն մէկ մասն է նոր խորհրդարանի ձեւաւորումը: Այս հոլովոյթին մէջ ՀՅԴ-ի դերակատարութիւնը առանցքային եղած է:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Սպարտակ Սէյրանեան նկատեց, որ թէեւ այս փուլին դժուար թէ բոլորը գիտակցին իրենց քուէի ուժը, բայց այլեւս յստակ է, որ նոր որակի իշխանութիւն ձեւաւորելը կարելի է:

Դաշնակցութեան ներկայացուցիչները ընդգծեցին նաեւ, որ սուտ խոստումներ չեն տուած, ամբոխավարութիւն չեն կատարած, ե՛ ւ ընդդիմութիւն, ե՛ ւ իշխանութիւն եղած ժամանակ իրենց սկզբունքները չեն փոխուած:

 

Նախորդը

Ազգային Ինքնութեան Ամրապնդման Ֆոնտերը Կը Գործեն 2 Մայիսէն Սկսեալ

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան. «Երբեք Երկմտանք Պիտի Չունենամ Անհրաժեշտութեան Պարագային «Իսքանտեր»-ի Համազարկի Հրաման Արձակելու»

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.