Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան. «Երբեք Երկմտանք Պիտի Չունենամ Անհրաժեշտութեան Պարագային «Իսքանտեր»-ի Համազարկի Հրաման Արձակելու»

March 28, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աշխատանքային այցելութեամբ Արցախի Հանրապետութիւն մեկնած Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 25 մարտին հայկական երկու հանրապետութիւններու փոխադարձ գործակցութեան շրջագիծին մէջ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի, Հայաստանի եւ Արցախի զոյգ հանրապետութիւններու պաշտպանութեան նախարարներու  եւ բարձրաստիճան զինուորականներու ընկերակցութեամբ գտնուած է պաշտպանութեան բանակի զօրամասերէն մէկուն մէջ, ծանօթացած զինուած ուժերու մարտական պատրաստականութեան եւ ունկնդրած զօրամասի զինուորներուն համար կազմակերպուած համերգը:

Համերգային ծրագիրի աւարտին նախագահ Սարգսեան հայրենիքի սահմանները պաշտպանելու ընթացքին  ցուցաբերած արիութեան եւ խիզախութեան համար պետական բարձր պարգեւներով` Մարտական ծառայութեան մետալով պարգեւատրած է մարտական հերթապահութեան կատարած շարք մը զինուորներ:

Հանրապետութեան նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է հայրենիքի զինուորներուն եւ անոնց ընտանիքներուն: Նախագահը իր խօսքը ուղղելով զինուորներուն եւ անոնց ընտանիքներուն ըսած է.

«Անցած ապրիլին մենք ետ շպրտեցինք միջազգային պայմանաւորուածութիւնները դրժած հակառակորդը բոլոր ուղղութիւններով, մենք տապալեցինք անոնց` ծրագիրները, մենք կատարելապէս ջախջախեցինք զանոնք` այդ օրերու  տեղեկատուական պատերազմին մէջ, մենք մէկ տարուան  ընթացքին այնքան ամրացուցինք սահմանն ու զինեցինք զօրքը, որ այսօր մեր առաջնագիծը անճանաչելի դարձած է: Այսօր մեր տղաները կը հետեւին հակառակորդի տեղաշարժին` արդէն անոր տարածքին խորքը: Այսօր պատերազմատենչ դրացիի տարածքին բոլոր ուղղութիւններով, նոյնիսկ մինչեւ ամէնէն կարեւոր ենթակառուցուածքները, գերժամանակակից հզօր հարուածային ուժ ուղղուած է: Եւ այսօր Հայաստանի զինուժի գերագոյն գլխաւոր հրամանատարը երբեք երկմտանք պիտի չունենայ անհրաժեշտութեան պարագային «Իսքանտեր»-ի համազարկի հրաման արձակելու: Եւ ատիկա  դրացի երկիրը շատ լաւ գիտէ: Մենք այլեւս երբեք միլիոնաւոր նահատակներու սրբադասում պիտի չընենք: Հաստա՛տ պիտի չընենք»:

 

Նախորդը

Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Հանդիպում Ունեցաւ Դաշնակցութեան Ներկայացուցիչներուն Հետ

Յաջորդը

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Հայաստանի Նախագահին Տեղեկացուցած Են Պաքուի Մէջ Տեղի Ունեցած Իրենց Հանդիպումներուն Մասին

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Քաղաքական Ճնշումներուն` Դաշնակցութիւնը Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Զգալի Թիւով Քուէներ Ապահոված Է

October 28, 2026
Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի  Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան  Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը
Հայկական

Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը

October 28, 2026
Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ  Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»
Հայկական

Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.