Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Վերանորոգումի Տարուան» Առիթով. Ազգային Վարժարաններու Աշակերտներու Միօրեայ Հոգեւոր Սեմինար

March 28, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին կողմէ 2017-ն «Վերանորոգումի տարի» հռչակուելուն առիթով` կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Կրօնական ժողովին եւ մասնակցութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի ազգային վարժարաններու 6-րդ, 7-րդ եւ 8-րդ դասարաններէն 65 աշակերտներու, շաբաթ, 25 մարտ 2017-ին, Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ միօրեայ սեմինար մը:

Օրը սկսաւ առաւօտեան ժամերգութեամբ եւ Միքայէլ քհնյ. Տեմիրճեանի կողմէ Ս. Գիրքի սերտողութեամբ, որմէ ետք առաւօտեան ժամը 10:20-ին եկեղեցւոյ սրահին մէջ Լիբանանի հայոց թեմի Տեղեկատուական բաժանմունքի պատասխանատու Րաֆֆի Տեմիրճեան կատարեց սեմինարի պաշտօնական բացումը: Տեմիրճեան շեշտեց, որ նմանօրինակ հաւաքներ մեծապէս կը նպաստեն եկեղեցի-աշակերտ կապերու ամրապնդման եւ զարգացման:

Ապա Նշան վրդ. Լախոյեան ներկայացուց «Հայ աշակերտին ծառայութիւնը ի սպաս եկեղեցւոյ եւ ազգին» նիւթը: Հայր սուրբը յայտնեց, որ ծառայութիւնը նուիրական աշխատանք է, որ տեղի կ’ունենայ առանց փոխադարձ ակնկալութիւններու:

Կարճ դադարէ մը ետք, կէսօրուան ժամը 11:30-ին Խաչիկ Ա. քհնյ. Միսիրեան խօսեցաւ եկեղեցի-աշակերտ փոխադարձ յարաբերութիւններուն եւ պարտաւորութիւններուն մասին, որմէ ետք Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան ներկայացուց խմբային աշխատանքներու հինգ խումբերուն նիւթերը` ծառայութիւն ազգին, եկեղեցիին, հայապահպանման, մշակոյթին եւ դատին:  Նիւթերուն շուրջ տեղի ունեցան քննարկումներ աշակերտներուն հետ, ապա խումբերը առանձնաբար պատրաստեցին իրենց զեկուցումները:

Յետմիջօրէի ժամը 2:30-ին ճաշի ընդմիջումին յաջորդեցին խումբերու աշխատանքներուն ներկայացումները: Աշակերտները խումբ առ խումբ բծախնդրութեամբ եւ մեծ հետաքրքրութեամբ շեշտեցին ծառայութեան կարեւորութիւնը եւ վերանորոգուելուն անհրաժեշտութիւնը` պահպանելու դարաւոր ժառանգութիւնը եւ շարունակելու եկեղեցւոյ ու ազգին առաքելութիւնը:

Աւարտին, Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան յոյս յայտնեց, որ աշակերտները յառաջիկայ օրերուն առաւել եւս առնչուին եկեղեցական եւ ազգային կեանքին` հոգեւոր եւ ազգային նիւթերուն շուրջ ցուցաբերելով առաւել հետաքրքրութիւն, լրջութիւն եւ մասնակցութիւն: Սեմինարը փակուեցաւ յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին:

 

Նախորդը

Մեր Կորուստները. Մահացած Է Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Ակադեմիկոս Վլատիմիր Բարխուդարեան

Յաջորդը

Մամլոյ 124-րդ Լսարան. Վաչէ Բրուտեան Զեկուցեց Հայաստանի Խորհրդարանական Ընտրապայքարին Ընթացքին Գաղափարական Բանավէճի Բացակայութեան Մասին

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.