Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Փաստեց Իր Գերակայութիւնը Լիբանանի Եւ Արեւմտեան Ասիոյ Ակումբներու Ախոյեան Ռիատիի Վրայ

March 25, 2017
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 17-րդ հանգրուանի գագաթի ճակատումը տեղի ունեցաւ երէկ երեկոյեան, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, երբ ՀՄԸՄ-ի կազմը հիւրընկալեց Ռիատին:

Նախքան մանրամասնութիւններուն անցնիլը նշենք, որ մրցումին ազդանշանին տրուելէն շուրջ 4 ժամ առաջ դաշտին մուտքը կը յորդէր ՀՄԸՄ-ի համակիրներով, որոնք խիտ շարքերով եկած էին քաջալերելու իրենց կազմը:

ՀՄԸՄ-ի համակիրները, որոնք համալիրին մէջ իսկապէս եղան օրինակելի ներկայութիւն մը, անընդհատ քաջալերեցին իրենց կազմը` ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ:

Այս մրցումին ներկայ գտնուեցան նաեւ երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Փիեռ Քախիա եւ ֆետերասիոնին այլ անդամները:

Ինչ կը վերաբերի մրցումին, ՀՄԸՄ ինքզինք պարտադրելով փաստեց իր գերակայութիւնը, Լիբանանի եւ Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի ակումբներու ախոյեանութեան Ռիատիի վրայ` արձանագրելով 67-49 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը (12-13, 26-21, 48-31 եւ 67-49):

Պէտք է նշել, որ մարզիչ Ճօ Մուժահեսի կազմը ունեցաւ սքանչելի ելոյթ մը, մինչ Ռիատի` կորսուած վիճակ մը, ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն եւ մարզիկներուն տիրական ներկայութեան կողքին:

Այսպիսով, ցարդ միայն մէկ պարտութիւն կրած ՀՄԸՄ արձանագրեց իր 16-րդ յաղթանակը, մինչ 13 յաղթանակ արձանագրած Ռիատի կրեց իր 4-րդ պարտութիւնը:

ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Տուայն Ճեքսըն (24 կէտ, 7 ռիպաունտ), ապա յաջորդաբար` Քեւին Կալոուէյ (16 կէտ, 8 ռիպաունտ, 8 էսիսթ, 4 սթիլ), Աթեր Մաճոք (12 կէտ, 13 ռիպաունտ) եւ Ֆատի Խաթիպ (8 կէտ, 9 ռիպաունտ):

Ռիատիէն Պրանքօ Սվեթքովիչ նշանակեց 15 կէտ, մինչ Ալատէ Ամինու` 12 կէտ:

Նշենք, որ Ճեքսըն եւ Սվեթքովիչ նշանակեցին 3-ական թրի փոյնթեր:

Այսպիսով ՀՄԸՄ պատմութիւն կերտեց` նկատի ունենալով, որ իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով 2016-2017 տարեշրջանի Ա. հանգրուանը աւարտեց պարագլուխի դիրքին վրայ:

ՀՄԸՄ ձեռք ձգեց 46 ռիպաունտ, մինչ Ռիատի` 39, ՀՄԸՄ-ի թըրն օվըրները եղան 11, Ռիատիինը` 18, ՀՄԸՄ-ի սթիլները եղան 12, Ռիատիինը` 6, իսկ ՀՄԸՄ-ի էսիսթները 13` փոխան 11-ի:

ՀՄԸՄ 18-րդ եւ վերջին հանգրուանի իր մրցումը կը կատարէ վաղը` կիրակի, 26 մարտին, երբ ժամը 17:00-ին Տիք Մըհտիի մէջ հիւրը կ՛ըլլայ Շանվիլի:

Լուսանկարները տրամադրեց՝
PROFOTO

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Երեքշաբթի, 28 Մարտին Կը Սկսին Աղջկանց Բ. Հանգրուանի Մրցումները

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ

September 16, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա

September 16, 2026
Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի  Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով
Մարզական

Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.