Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քիեւի Մէջ Սպաննուեցաւ Տումայի Նախկին Անդամ Մը. Փորոշենքօ Սպանութիւնը Կը Նկատէ «Պետական Ահաբեկչական Արարք»

March 24, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ նախագահ Փիոթր Փորոշենքօ Ռուսիան մեղադրած է Տումայի նախկին երեսփոխան Տենիս Վորոնենքովի սպանութեան համար:

Ապահովական ուժերուն հետ խորհրդակցութեան ընթացքին ան տեղի ունեցածը կոչած է «Ռուսիոյ կողմէ պետական ահաբեկչական արարք»: «Ասիկա ռուսական գաղտնի սպասարկութիւններու ակնյայտ ձեռագիրն է, որ նախապէս բազմիցս երեւցած է եւրոպական տարբեր քաղաքներու մէջ», ըսած է Ուքրանիոյ նախագահը:

Ան նաեւ նշած է, որ Վորոնենքով պետական դաւաճանութեան համար մեղադրուող նախկին նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչի գործով գլխաւոր վկաներէն մէկն էր:

Բացի ատկէ, Ուքրանիոյ նախագահը Վորոնենքովի սպանութիւնը կապած է Խարքովի շրջանին մէջ  սպառազինութեան պահեստին մէջ երէկ գիշեր տեղի ունեցած հրդեհին հետ: «Զուգադիպութիւն չեմ նկատեր, որ սպանութիւնը տեղի ունեցաւ Խարքովի շրջանին Պաքաքլիյա քաղաքին մէջ ձեռնարկուած ներթափանցման նոյն օրը», յայտարարած է ան:

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարեց, որ Վորոնենքովի սպանութեան գործին մէջ ռուսական մեղսակցութեան մասին խօսքերը «անհեթեթութիւն» են` յոյս յայտնելով, որ յանցագործութեան մէջ ներգրաւուած բոլոր անձերը կը յայտնաբերուին:

Ըստ անոր, տեղի ունեցածը կը վկայէ, թէ ուքրանական կողմը չէ կրցած ապահովել Վորոնենքովի անվտանգութիւնը:

Ռուսիոյ Տումայի նախկին երեսփոխան Տենիս Վորոնենքով գնդակահարուեցաւ Քիեւի կեդրոնը: Ուքրանիոյ մայրաքաղաքի ոստիկանապետը յայտնեց, որ Վորոնենքովէն բացի` կան երկու վիրաւորներ: Տարբեր աղբիւրներու փոխանցմամբ` սպաննուած է նաեւ նախկին երեսփոխանին թիկնապահը:

Ականատեսներու վկայութեամբ` դէպքի վայրին մէջ հնչած է 7 կրակոց: Քիեւի ոստիկանութեան վարչութեան պետ Անտրէյ Քրիշչենքօ յայտարարած է, որ Ռուսիոյ Տումայի նախկին երեսփոխանին սպանութեան համար կասկածելի անձը ձերբակալուած է:

Վորոնենքով, քաղաքացիութիւն ստանալով, անցեալ տարուան վերջաւորութեան իր կնոջ հետ մնայուն բնակութիւն հաստատեց Ուքրանիոյ մէջ: Ռուսիոյ մէջ անոր դէմ միջազգային հետախուզում յայտարարուած է: Ծանօթ է, որ նախկին երեսփոխանը կը մեղադրուէր մեծ ընկերութեան մը շէնքի իւրացման համար:

Նախորդը

«Փութին Եւ Թրամփ Կրնան Հանդիպում Ունենալ «Մեծ Քսանեակ»-ի Վեհաժողովին» Կ՛ըսէ Փեսքով

Յաջորդը

Էրտողան. «Պուլկարիան Ճնշում Կը Բանեցնէ Տեղւոյն Թուրքերուն Վրայ»

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ» Լրատու Գործակալութեան.  Իրանի Մէջ Բողոքի Ցոյցերու  Ժամանակ Զոհուած Է Մօտ 2000 Մարդ
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Ռոյթըրզ» Լրատու Գործակալութեան. Իրանի Մէջ Բողոքի Ցոյցերու Ժամանակ Զոհուած Է Մօտ 2000 Մարդ

January 14, 2026
Լեյեն. «Պրիւքսել Նոր Պատժամիջոցներ  Պիտի Առաջարկէ Իրանի Նկատմամբ»
Գլխաւոր լուրեր

Լեյեն. «Պրիւքսել Նոր Պատժամիջոցներ Պիտի Առաջարկէ Իրանի Նկատմամբ»

January 14, 2026
Կրինլանտի Վարչապետին Համաձայն.  Իր Ժողովուրդը Չ՛ուզեր  Միացեալ Նահանգներու Մաս Դառնալ
Միջազգային

Կրինլանտի Վարչապետին Համաձայն. Իր Ժողովուրդը Չ՛ուզեր Միացեալ Նահանգներու Մաս Դառնալ

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.