Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ նախագահեց Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան անցեալ շաբթուան խորհրդարանի լիագումար նիստերուն վերաբերող հարցեր:
Նիստէն ետք երեսփոխան Անուար Խալիլ պլոքին անունով յայտարարեց, որ լիագումար նիստին ընթացքին օրինաթիւի խախտումը հիմնական երկու նպատակ ունէր:
Անոնցմէ առաջինը կը միտէր չվաւերացնել աշխատավարձի յաւելումները, իսկ երկրորդը ընտրական օրէնքին գծով քաղաքական հաշիւներ մաքրելու նպատակ կը հետապնդէր:
Խալիլ նշեց, որ դրամատուներն ու ծովային կալուածներ ունեցող կողմերը կը խոչընդոտեն աշխատավարձի յաւելումներուն վաւերացումը` աւելցնելով, որ խորհրդարանը կառչած պիտի մնայ աշխատավարձի յաւելումները տրամադրելու, որովհետեւ անիկա բոլորին իրաւունքն է:
Խալիլ դիտել տուաւ, որ այդ յաւելումներուն համար ներդրում ապահովելու աշխատանքը կառավարութեան պարտականութիւնն է` դիտել տալով, որ ժողովուրդը` ի մասնաւորի համեստ դասակարգը պէտք է զերծ կացուցել յաւելեալ տուրքերէ:
Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքը հաստատեց, որ ընտրական նոր օրէնք մը չմշակելը անձնասպանութեան համազօր է եւ կոչ ուղղեց քաղաքական բոլոր ուժերուն` ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին:
Փտածութեան դէմ պայքարի օրակարգով, պլոքը կոչ ուղղեց հիմնելու Փտածութեան դէմ պայքարող ազգային խորհուրդ մը, որուն մասին խորհրդարանը օրէնք մշակած է 10 փետրուար 2017-ին եւ կարելի է գործադրել այդ օրէնքը պետական պաշտօնաթերթով հրապարակելէ ետք:
Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքը անհրաժեշտ նկատեց հետեւելու Իսրայէլի կողմէ լիբանանեան ջուրերուն ու տնտեսական շրջանին մէկ մասին տիրանալու փորձերուն:
Պլոքը կարեւոր նկատեց, որ Լիբանան եւ անոր կառավարութիւնն ու խորհրդարանը արթուն հսկեն լիբանանեան ջուրերուն եւ բնական հարստութիւններուն ու պահպանեն զայն իսրայէլեան ախորժակներէն:
Միւս կողմէ, Պըրրի իր այցելուներուն հետ ունեցած իր հանդիպումներուն ընթացքին շեշտեց, որ ընտրական օրէնքը պէտք է հիմնուած ըլլայ համամասնական դրութեան վրայ:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Պըրրի շօշափելի քայլերու դիմած է` ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու առումով: Իսկ «Ախպար» օրաթերթը կը գրէ, թէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի ներկայացուցած ընտրական օրէնքի վերջին տարբերակին մասին Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումի կեցուածքները նոյնն են:
Նոյն օրաթերթին մէջ նշուեցաւ, որ ընդհանուր առմամբ այդ տարբերակին վերաբերեալ Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումի կեցուածքը դրական է, սակայն կան հիմնական նկատողութիւններ, որոնց նկատի առնուելով անիկա բարեփոխումի պէտք է ենթարկուի:



