Մանչեսթըր Եունայթըտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան նախորդ շաբաթավերջին Միտըլզպորոյի դէմ տեղի ունեցած մրցումէն (Փրեմիեր լիկ-29-րդ) բացակայեցաւ վիրաւոր ըլլալուն պատճառով: Այս մասին կը յայտնէ Տէյլի Մէյլը:
Թէեւ Մխիթարեան որպէս պահեստի մարզիկ նկատի առնուած էր, բայց նկատի չառնուեցաւ իր մարզիչին` Ժոզէ Մուրինիոյի կողմէ:
Այս մէկը, սակայն, անգլիական անուանի պարբերաթերթին վարկածով է եւ ոչ թէ Եունայթըտի, որ Մխիթարեանի վիրաւոր ըլլալուն մասին պաշտօնապէս ոչինչ յայտարարեց:
Այժմ 28 տարեկան Մխիթարեան իր յաջորդ մրցումը պիտի կատարէ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին հետ, եւ ոչ թէ իր ակումբին, երբ 26 մարտին, Երեւանի մէջ մասնակցի Ղազախստանի դէմ ճակատումին (2018-ի մոնտիալի զտումի մրցաշարք):



