Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լաւրով. «Ռուսիան Պատրաստ Է Օժանդակելու, Եթէ Երեւանն Ու Անգարան Նստին Բանակցութիւններու Սեղանի Շուրջ»

March 17, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարած է, որ Մոսկուան պատրաստ է օժանդակելու Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ բանակցութիւններուն, երբ ատոնք սկսին, եւ պիտի ողջունէր, մասնաւորաբար, Հայաստան-Թուրքիա սահմանի բացումը: Այդ մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես», յայտնած է «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով «Ռիճընըլ Փոսթ-Քոքըսըս» պարբերաթերթին տուած ռուսական դիւանագիտութեան պետին հարցազրոյցը:

Լաւրով նշած է, որ Ռուսիան կարեւոր դեր խաղացած է 2007-2009 թուականներուն Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ երկխօսութեան վերսկսման առումով, սակայն աւելի ուշ յարաբերութիւններու բնականոնացման հոլովոյթը կանգ առած է:

«Սակայն սկզբունքով կարեւոր է, որ կողմերը դրսեւորեցին համաձայնութեան գալու եւ լուրջ, պատասխանատու որոշումներ որդեգրելու կարողութիւն: Համոզուած եմ, որ Հայաստանն ու Թուրքիան ընդունակ են կարգաւորելու գոյութիւն ունեցող խնդիրները: Շատ բան կախեալ է իրենցմէ: Չէ՞ որ քաղաքական գործիչներուն որակը կ՛որոշուի ո՛չ միայն առարկայական դժուարութիւններու իրատեսական վերլուծութեան խորութեամբ, այլ նաեւ լաւատես ըլլալու ընդունակութեամբ, որպէսզի իրականանան երկու երկիրներու քաղաքացիներուն յոյսերն ու ակնկալիքները: Երբ Երեւանն ու Անգարան նստին բանակցութիւններու սեղանի շուրջ, Ռուսիան պատրաստ է ամէնէ գործօն օժանդակութիւնը ցուցաբերելու անոնց», ըսած է ան:

«Բնականաբար, մենք միայն պիտի ողջունէինք, որ Եւրասիական տնտեսական միութեան արտաքին սահմանի հայ-թրքական մասը բաց ըլլար մարդոց, ապրանքներու եւ ծառայութիւններու ազատ փոխադրութեան համար: Ատիկա, անկասկած, օգուտ պիտի բերէ ամբողջ տարածաշրջանին», ընդգծած է Լաւրով:

Նախորդը

«Պատրաստ Ենք Առաւելագոյն Ջանքեր Ներդրելու` Շրջանային Տագնապներու Լուծման Համար» Կ՛ըսէ Փութին

Յաջորդը

Նախարար Նալբանդեան Մեկնած Է Նիւ Եորք

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Քաղաքական Ճնշումներուն` Դաշնակցութիւնը Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Զգալի Թիւով Քուէներ Ապահոված Է

October 28, 2026
Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի  Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան  Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը
Հայկական

Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը

October 28, 2026
Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ  Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»
Հայկական

Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.