Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑԸ` ՍՈՒՐԷՆ ԽԱՆԱՄԻՐԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՔՈԼԵՃԻ ՄԷՋ

October 15, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 7 հոկտեմբեր 2011-ին, Ս. Խանամիրեան ազգային  քոլեճի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայերէնի առաջին ուսուցիչին եւ հայ գիրերու ստեղծիչին` անմահ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի ծննդեան 1650-ամեակի եւ Ս. Թարգմանիչներու տօնի նշում:

Բացման խօսքին մէջ, Թ. կարգէն աշակերտ մը ըսաւ. «Պատմութեան ընթացքին յաճախ օտար արժէքներ ու լեզուներ խուժած են մեր կեանքին մէջ, սակայն մեր ազգը կայուն մնացած է իր հաւատքով, մշակոյթով եւ Մեսրոպաշունչ այբուբենով: Իսկ մենք այսօր կու գանք անգամ մը եւս մեր ուխտը վերանորոգելու եւ հաստատելու, որ տէր պիտի կանգնինք մեր Ոսկեղինիկ լեզուին, ճիշդ ու անթերի պիտի խօսինք զայն եւ ուսուցանենք մեզի յաջորդող սերունդներուն»:

Պատրաստուած էր կոկիկ եւ մշակուած յայտագիր, ուր յաջորդաբար բեմ բարձրացան նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտներ «Այբուբեն» երգով, «Մեսրոպ Մաշտոցին», «Մեր լեզուն», «Այբուբեն հայոց» եւ «Մեսրոպաբոյր» քերթուածներով:

Ապա Զ., Է. եւ Ը. կարգի աշակերտներ կենդանի պատկեր մը ներկայացուցին «Ս. Մեսրոպ եւ Ս. Սահակ» խորագիրով, որ խոր տպաւորութիւն գործեց ներկաներուն վրայ:

Օրուան խորհուրդը եւ պատգամը փոխանցեց վարժարանի կրօնի դասատու` Մկրտիչ քհնյ. Քէշիշեան: Ան իր խօսքին մէջ նշեց. «Եթէ մեծ պետութիւններ` ինչպէս այսօր, Ֆրանսայի նախագահը` Սարքոզի, կարեւորութեամբ կը շեշտեն եւ կ՛ընդունին «Ցեղասպանութիւնը» եւ կ՛արժեւորեն հայ ժողովուրդի պատմական անցեալն ու ներկան, հապա դո՛ւք ձեզ հպարտ զգաք ձեր ինքնութեամբ եւ բեմէն ձեր արտասանած ու ներկայացուցածները դարձնէք ձեր կեանքի օրինակները ու այդ շունչով ու ոգիով մեծնաք միայն ու միայն հայկական վարժարաններուն մէջ»:

Յայտագիրի աւարտին խօսք առաւ վարժարանիս տնօրէն` Նելլի Վէքիլեանը, որ գնահատեց աշակերտներն ու ուսուցիչները, որոնք այնքան կարճ ժամանակի ընթացքին կրցած էին շատ գեղեցիկ յայտագիր մը պատրաստել: Ինք եւս իր կարգին շեշտեց հայոց լեզուի կարեւորութիւնը եւ կոչ ուղղեց աշակերտներուն` միշտ կառչած մնալու իրենց արմատներուն:

Նախորդը

ՍՐԲՈՑ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆ

Յաջորդը

ՍՐԲՈՑ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿ. «ՀԱՅ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՌՉԻԼ` ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ԱՊՐԻԼ ԱՅԴ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆԸ»

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.