Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Կը Շարունակէ Քննարկել Պետական Պիւտճէն` Շեշտելով, Որ Այդ Քննարկումները Ոչ Մէկ Կապ Ունին Ընտրական Օրէնքին Հետ

March 7, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին, վարչապետարանին մէջ գումարեց 2017-ի պետական պիւտճէի քննարկումը շարունակելու նպատակով ճշդած իր նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի:

Նիստը տեւեց մինչեւ երեկոյեան ժամը 5:00: Մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրի նիստէն ետք յայտնեց, որ նախարարաց խորհուրդը վաւերացուց կարգ մը նախարարութիւններուն տարեկան պիւտճէները եւ շարունակեց քննարկել այլ նախարարութիւններուն յատկացուելիք պիւտճէները:

Խուրի շեշտեց, որ աշխատանքին մեծ մասը արդէն իսկ կարելի եղած է իրականացնել` յոյս յայտնելով, որ մօտիկ ապագային կարելի ըլլայ ամբողջութեամբ վաւերացնել պետական ամավարկը:

Խուրի յայտնեց, որ քննարկումները հսկայ ժամանակ կը խլեն, որովհետեւ կառավարութիւնը 2017-ի պետական ամավարկը կէտ առ կէտ կը քննէ, «սակայն նախարարաց խորհուրդը դրական մթնոլորտով եւ կատարեալ համերաշխութեամբ կը կատարէ այդ բոլորը, առանց որեւէ խոչընդոտի», ըսաւ Խուրի:

Ան շեշտեց, որ պետական պիւտճէի քննարկումները ոչ մէկ կապ ունին ընտրական նոր օրէնքին հետ:

Խուրի յայտնեց, որ 2017-ի պետական ամավարկի քննարկումը պիտի շարունակուի յառաջիկայ ուրբաթ օր վարչապետարանին մէջ տեղի ունենալիք կառավարութեան նիստին ընթացքին:

Ան դիտել տուաւ, որ պետական պաշտօնեաներուն աշխատավարձի յաւելումներուն վաւերացումը խորհրդարանին պարտականութիւնն է:

Վաղը` չորեքշաբթի, 8 մարտին, նախագահական պալատին մէջ տեղի ունենալիք նիստին մասին հարցումի մը պատասխանելով, Խուրի յայտնեց, որ այդ նիստը ունի իր յատուկ օրակարգը, որ կը ներառէ նաեւ ապահովական մարզի նշանակումները:

Վարչապետարանին Մէջ

Երեկոյեան վարչապետ Հարիրի վարչապետարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Հարիրի բարձր գնահատեց զօր. Քահուաժիի ջանքերը եւ իր ստանձնած պատասխանատուութիւնը լաւագոյն ձեւով կատարելու իրականութիւնը` երկրին դիմագրաւած ամէնէն զգայուն եւ բարդ հանգրուաններուն ընթացքին:

Հարիրի դրուատեց զօր. Քահուաժիի դերակատարութիւնը բանակը եւ անոր կարողութիւնները ամրապնդելու, երկրին ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքացիին անվտանգութիւնը պաշտպանելու, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու եւ ներքին սադրանքները իրենց օրօրոցին մէջ սպաննելու անոր հսկայ կարողութիւնը:

Վարչապետ Հարիրիի այցելեցին նաեւ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իպրահիմ Պասպուս, ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ եւ պետական անվտանգութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ժորժ Քարաա:

Հարիրի բարձր գնահատեց երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու առումով անոնց ի գործ դրած ճիգերը:

 

 

Նախորդը

«Մարտ Ամիսը Վճռորոշ Է` Ընտրական Օրէնքի Մը Շուրջ Համաձայնելու Իմաստով» Շեշտեց Պըրրի

Յաջորդը

Ֆրանսայի Պաշտպանութեան Նախարարը Լիբանանեան Բանակին Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.