Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Վաւերացուց Պետական Ամավարկի Բոլոր Կէտերը` Բացի Աշխատավարձերու Յաւելումէն

March 4, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Վարչապետ Հարիրի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան` Wizmates, Toters եւ Onlivery «ափ.»-երը պատրաստող լիբանանցի երիտասարդներուն հետ

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:15-ին, վարչապետարանին մէջ  նախագահեց կառավարութեան նիստին, որուն ընթացքին շարունակուեցաւ 2017-ի պետական ամավարկի քննարկումը:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի յայտնեց, որ կառավարութիւնը վաւերացուցած է պետական ամավարկի բոլոր կէտերը, բացի աշխատավարձերու յաւելումէն:

Ռիաշի յայտնեց, որ այդ թղթածրարը երկուշաբթի օր պիտի քննարկուի խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերուն գումարելիք նիստին ընթացքին` աւելցնելով, որ նոյն օրը` կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, նախարարաց խորհուրդը պիտի շարունակէ պետական ամավարկի քննարկումը:

Ռիաշի նշեց, որ կառավարութեան խորհրդակցութիւնները դրական են, եւ կը տիրէ լաւատեսութիւն:

Ան նկատել տուաւ, որ 2017-ի պետական ամավարկը վաւերացնելէ ետք կառավարութիւնը զայն պիտի յղէ խորհրդարան:

Ռիաշի նշեց, որ կառավարութեան նիստին ընթացքին վարչապետ Հարիրի նախարարներուն համար ընթրիք ապսպրած է` օգտագործելով երեք «ափ.»-եր, որոնք պատրաստուած են լիբանանցի երիտասարդներու կողմէ:

Ռիաշի մաղթեց, որ այդ քայլը դրուատիքի արժանանայ, եւ լիբանանցի երիտասարդները քաջալերելու քայլեր առնուին:

Նշենք, որ վարչապետ Հարիրիի մամլոյ գրասենեակը հաղորդեց, որ վարչապետը օգտագործած է Wizmates, Toters եւ Onlivery «ափ.»-երը եւ անձամբ դիմաւորած է ու շնորհաւորած զանոնք հնարած լիբանանցի երիտասարդներ Աունի Ահտապը, Թամիմ Խալֆան եւ Տանիէլ Քոֆետրալին:

«Այս է նոր տնտեսութիւնը, որուն զարգացումը կը փափաքինք տեսնել Լիբանանի մէջ, եւ այս տղաքը լիբանանցի յաջող երիտասարդութեան օրինակներն են», ըսաւ ան:

 

Նախորդը

«Ոչ Մէկ Պետութիւն Իրաւունք Ունի Մեզի Հետ Վարուելու Իբրեւ Երկրորդ Դասակարգի Պետութիւն» Ըսաւ Չաւուշօղլու

Յաջորդը

Լեւոն Մկրտչեան Ընդունած Է Համաշխարհային Դրամատան Պատուիրակութիւնը

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.