Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քոնկրեսին Առջեւ Իր Արտասանած Խօսքին Մէջ. Թրամփ Կը Խոստանայ Աշխարհի Վրայ Միացեալ Նահանգներու Նոր Գործընկերներ Գտնել

March 2, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Քոնկրեսի երկու պալատներուն առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարեց, որ «Ամերիկան մտադիր է գտնել նոր ընկերներ եւ ստեղծել նոր գործընկերութիւններ այնտեղ, ուր շահերը կը համընկնին»` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներ պէտք է ամբողջ աշխարհի վրայ իրենց դաշնակիցներուն հետ համագործակցին ՏԱՀԵՇ-ը ոչնչացնելու նպատակով:

«Ինչպէս որ խոստացած էի, ես պաշտպանութեան նախարարութեան յանձնարարած եմ մշակել ՏԱՀԵՇ-ի սանձարձակ վայրենիներու (որոնք կը սպաննեն իսլամները, քրիստոնեաները, բոլոր կրօններու եւ դաւանանքներու տղամարդիկ, կիներ ու երեխաներ), ջախջախման ու վերացման ծրագիր», նշած է ան:

«Մենք խաղաղութիւն կ՛ուզենք ամէնուր: Այսօր Ամերիկան սկսած է գործընկերութիւն մշակել նախկին թշնամիներու հետ: Մեր սերտ դաշնակիցներէն մէկ քանին տասնամեակներ առաջ համաշխարհային պատերազմներուն մէջ կը կռուէին հակառակորդներու շարքին: Այդ պատմական դասը պէտք է մեզի հաւատք ներշնչէ աշխարհը բարելաւելու կարելիութեան հարցին մէջ», յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու նախագահը:

«Ամերիկան տրամադրուած է գտնել նոր ընկերներ եւ նոր գործընկերային յարաբերութիւններ հաստատել այն մարզերուն մէջ, ուր շահերը կը համընկնին», ընդգծեց ան` աւելցնելով. «Մենք ներդաշնակութիւն ու կայունութիւն կ՛ուզենք եւ ոչ թէ պատերազմներ ու տագնապներ»:

Անդրադառնալով ՕԹԱՆ-ին` Թրամփ նշեց, որ պիտի շարունակէ աջակցիլ ՕԹԱՆ-ին, սակայն կառոյցի անդամ Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցները պէտք է լիարժէք կատարեն իրենց նիւթական պարտաւորութիւնները: Ան նաեւ մեկնաբանեց Իսրայէլի հետ կապերը` անգամ մը եւս հաստատելով. «Երկու պետութիւններուն միջեւ դաշինքը անկոտրում է»:

Միւս կողմէ, «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Թրամփի վարչակազմը առաջարկած է ֆինանսական նոր տարուան համար Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային պիւտճէի նախագիծին մէջ 37 առ հարիւրով կրճատել արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Միջազգային զարգացման գործակալութեան յատկացումները:

«Էսոշիէյթըտ Փրես» իր կարգին կը հաղորդէ, որ Թրամփի ներգաղթի վերաբերեալ նոր հրամանագիրին մէջ Իրաքը պիտի հանուի ցուցակէն այն պետութիւններուն, որոնց քաղաքացիներուն Միացեալ Նահանգներ մուտքը ենթարկուած է սահմանափակումներու:

Գործակալութեան տուեալներով` այդ որոշումը տրուած է Սպիտակ տան վրայ պաշտպանութեան նախարարութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութեան բանեցուցած ճնշումին շնորհիւ: Նշեալ նախարարութիւններու ներկայացուցիչները Թրամփին կոչ ուղղած են վերատեսութեան ենթարկելու իր դիրքորոշումը, որովհետեւ Իրաք առանցքային դերակատարութիւն մը ունի ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին մէջ:

Կը հաղորդուի, որ մնացեալ վեց երկիրները, որոնք նախապէս յիշատակուած էին ցուցակին մէջ, պիտի մնան այնտեղ:

 

Նախորդը

Եւրոպական Խորհրդարանը Կ՛ուղղուի Դէպի Լը Փենի Անձեռնմխելիութեան Վերացում

Յաջորդը

Չաւուշօղլու Իրանի Հետ Թուրքիոյ Յարաբերութիւնները Կը Նկատէ «Եղբայրական». Պոլսոյ Մէջ Էրտողան-Ռուհանի Հանդիպում

RelatedPosts

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը.  Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու  Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար
Միջազգային

Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը. Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.