
ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ 1 մարտին Վրաստանի նախագահ Կէորկի Մարկվելաշվիլիի հետ Մինսքի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտարարած է, որ երկու երկիրները երբեք ընկերութիւն չեն ըրած ոեւէ մէկու դէմ եւ չեն պատրաստուիր ընել:
«Մենք երբեք ընկերութիւն չենք ըրած ու չենք ըներ ոեւէ մէկու դէմ, սակայն մեր շահերը ունինք», ըսած է Լուքաշենքօ: Ան շնորհակալութիւն յայտնած է Մարկվելաշվիլիին այդ դիրքորոշման համար, որ Վրաստանը ունի «միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ, Եւրոպական Միութեան մէջ, արեւմտեան պետութիւններու հետ բանակցութիւններուն մէջ` պաշտպանելով Պիելոռուսիոյ շահերը»:
«Մենք լաւ յարաբերութիւններ ունինք եւ պատրաստ ենք Վրաստանի հետ որեւէ համագործակցութեան», ըսած է Լուքաշենքօ: Ան նշած է, որ իր երկիրն ու Վրաստանը կարելիութիւն ունին փոխադարձ առեւտրաշրջանառութիւնը հասցնելու տարեկան 200 միլիառ տոլարի:


