
Յատուկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ նախանցեալ օր «Ռեճընսի Փալաս» պանդոկին մէջ (Ատմա),
Իքս. Իքս. Էլ.» ընկերութիւնը մէկ տարուան պայմանագրութիւն մթ կնքեց Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին հետ: Սոյն ընկերութիւնը այսպիսով պիտի ըլլայ տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան գլխաւոր հովանաւորը:
Մամլոյ ասուլիսին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի ողիմպիական կոմտէի նախագահ Ժան Համմամ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Փիեռ Քախիա, փոխնախագահ Ռամի Ֆաուազ, ընդհանուր քարտուղար Շարպել Ռըզք, անդամներ Ժորժ Սապունճեան, Եասեր Հաժ, Թոնի Խալիլ, Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Ուալիտ Քասուֆ, յատուկ հրաւիրեալներ եւ մարզական լրագրողներ:
«Իքս. Իքս. Էլ.»-ի ընդհանուր տնօրէն Միշել Ապի Ռամիա յոյս յայտնեց, որ այս տարեշրջանէն ետք ընկերութիւնը յաւելեալ երեք տարիով երկարաձգէ այս պայմանագրութիւնը ֆետերասիոնին հետ:


