Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սուտաստանի Վհուկ Շլապլան» Թատերախաղի Աշակերտական Ներկայացում

February 23, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի վարչութիւնը ծրագրած է մանկապատանեկան թատերախաղերու բեմականացման գործին: Առ այդ,  առաջին հերթին, համագործակցաբար «Հայկական Շրջուն թատերախումբ»-ին, կը ներկայացնէ Վաչէ Ատրունիի հեղինակած «Սուտաստանի վհուկ Շլապլան» միարար թատերախաղը` բեմադրութեամբ գաղութի ճանչցուած բեմադրիչ Լանա Քոչարեան – Ատրունիի, մասնակցութեամբ հանրածանօթ դերակատարներ` Լինտա Մկրտիչեանի, Այտա Սրապոնեանի, Քրիսթին Սրապոնեանի, Հրակ Մկրտիչեանի եւ Սէրուժ Յովսէփեանի:

Արդարեւ, երէկ` 22 փետրուարին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, հայկական վարժարաններու աւելի քան 400 աշակերտներ խուռներամ ժամանած էին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահ, շուրջ 1 ժամ տեւողութեամբ հաճելի ժամ մը անցընելու` դիտելով «Սուտաստանի վհուկ Շլապլան» թատերախաղը, որ կը խօսի 10 տարեկան շփացած, անկիրթ, թափթփած եւ ծոյլ պարմանուհիի` Ալիծին մասին, որ անտեսելով իր ծնողներուն խրատները, կ՛իյնայ կախարդական աշխարհի մը մէջ, ուր կը ծանօթանայ կախարդուած պատկեր տղու մը եւ կը դառնայ անոր ամէնէն հարազատ ընկերը: Աւարտին Ալիծը եւ տղան մեծ դժուարութեամբ կը յաղթեն չարագործ Շլապլա վհուկին եւ անոր զաւակներուն:

Աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ դիտեցին թատերախաղը, նոյնիսկ երբեմն իրենց բացագանչութիւններով եւ խօսքերով հաղորդակից դառնալով դերասաններուն հետ:

Յայտնենք, որ ուրբաթ, 24 փետրուարին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին կրկին տեղի պիտի ունենայ աշակերտական ելոյթ: Իսկ կիրակի, 26 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, նոյն վայրին մէջ թատերախաղը պիտի ներկայացուի հանրութեան:

 

Նախորդը

«Ռաքքայի Գործողութեան Վերաբերեալ Ամերիկեան Դիրքորոշման Մէջ Փոփոխութիւն Կայ» Կ’ըսէ Ըշըք

Յաջորդը

Հայ Կաթողիկէ Ս. Փրկիչ Եկեղեցւոյ Ժողովրդապետութիւն. Սրբոց Վարդանանց Հանդիսաւոր Տօնահանդէս

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.