Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԲԸՄ «ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ» ԿԵԴՐՈՆ. ՆՈՐ ԴԱՐԱՇՐՋԱՆԻ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ԶԵԿՈՒՑԵՑ ԳԱՐԵԳԻՆ ՉՈՒԳԱՍԸԶԵԱՆ

October 13, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «Անդրանիկ» մշակութային միութեան, երէկ` չորեքշաբթի, 12 հոկտեմբեր 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ՀԲԸՄ «Տեմիրճեան» կեդրոնի «Ասպետներու սրահ»ին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում-զրոյց` հայրենի հանրածանօթ մտաւորական եւ գիտնական Գարեգին Չուգասըզեանի հետ, որ ներկայացուց «Տեղեկատուական արհեստագիտութիւնը եւ նոր դարաշրջանը» նիւթը: Նշենք, որ Չուգասըզեան Լիբանան կը գտնուի «Ազդակ» օրաթերթի հրաւէրով եւ «Փիւնիկ» հիմնադրամի աջակցութեամբ:

Հանդիսութեան բացման խօսքը կազմակերպիչներուն անունով արտասանեց Գէորգ Սանդուրեան, որ նշեց, թէ միութիւնը իր 80-ամեակի նախաձեռնութիւնները կը սկսի հիւրընկալելով հայրենիքէն հիւր մը, որ 80-ամեակին կու տայ յատուկ արժէք եւ կարեւորութիւն: Սանդուրեան հակիրճ կէտերու մէջ ներկայացուց Չուգասըզեանի գործունէութիւնը:

Ապա խօսք առաւ Գարեգին Չուգասըզեան եւ նշեց, որ լիբանանահայ գաղութը միշտ ալ կենդանի ներկայութիւն եղած է եւ է Հայաստանի մէջ, եւ Լիբանան տուած իր այցելութիւնը եղած է շատ տպաւորիչ: Ան հաստատեց, որ 21-րդ դարու զէնքը` տեղեկատուական արհեստագիտութիւնը պէտք է ճիշդ ձեւով օգտագործել, որպէսզի զարգանան ժողովուրդին մշակոյթը, տնտեսութիւնը, կրթութիւնն ու այլ մարզերը:

Չուգասըզեան յայտնեց, որ համացանցը ծաւալուն ազդեցութիւն ունեցած է քաղաքական զարգացումներուն վրայ, փաստը նոյնինքն Միջին Արեւելքի մէջ արձանագրուած շարք մը օրինակներն են:

Ան ըսաւ, որ այսօրուան տեղեկատուական արհեստագիտութիւնը վաղուան մշակոյթն է, ինչպէս անցեալին այբուբենը, մագաղաթը, ձեռագիր եւ ապա տպագիր գիրքերը արհեստագիտութեան մաս կը կազմէին, եւ այսօր այդ բոլորը դարձած են մշակոյթ:

Գարեգին Չուգասըզեան խօսեցաւ արդի արհեստագիտական միջոցառումները կիրարկող ընկերութեան մասին, որուն ինք մաս կը կազմէ, եւ որ արժանացած է բազմաթիւ միջազգային մրցանակներու, շնորհիւ մալթիմիտիա խտասալիկներու: Ան ըսաւ, որ այդ խտասալիկները աճող ծառեր են, որոնց շուրջ պէտք է կառուցուի մշակութային քաղաքականութիւնը:

Հանդիպում-զրոյցին երկրորդ  բաժինով, Չուգասըզեան ներկաներուն ցուցադրեց «Կոմիտաս վարդապետ. կեանքն ու գործը» եւ «Հայ մեծ եղեռն. 1915-1923» մալթիմիտիական խտասալիկները:

 

 

Նախորդը

ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ ԱՅՆՃԱՐ. ՀՈՒՆՁԻ ՏՕՆ

Յաջորդը

ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ` «ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԿՐՕՆԻՆ ՈՒ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐ» ՆԻՒԹՈՎ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.