Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանէն Առաքուած Մարդասիրական Երկրորդ Օժանդակութեան Առաջին Բաժինը Հասաւ Հալէպ

February 20, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԵԹԻ ՔԻԼԵՐՃԵԱՆ

Կիրակի, 19 փետրուար 2017-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, «Հայաստանի ժողովուրդէն Սուրիոյ բարեկամ ժողովուրդին» խորագիրը կրող Հայաստանի Հանրապետութեան մարդասիրական երկրորդ օժանդակութեան առաջին բաժինը հասաւ Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցի` ռուսական զինուորական բեռնակառքերով: Օժանդակութիւնները ստանձնեց Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի գլխաւոր հիւպատոս Տիգրան Գէորգեան, ներկայութեամբ` փոխհիւպատոս Արմէն Գէորգեանի, Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի կեդրոնական մարմինի ներկայացուցիչներ վեր. Յարութիւն Սելիմեան եւ Զարեհ քհնյ. Շաքարեանի, ինչպէս նաեւ Շտապ օգնութեան հալէպի գործադիր մարմինի, Ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչներուն:

Հայաստանէն մարդասիրական օժանդակութիւններու առաքման հսկողութեան համար Սուրիա հասած էր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան ներկայացուցիչ գնդապետ Պաւել Գէօզալեան:

Հալէպի գլխաւոր հիւպատոս Տիգրան Գէորգեան, անդրադառնալով մարդասիրական այս օժանդակութեան, «Գանձասար»-ին ըսաւ. «Այս օժանդակութիւնը երկրորդն է, առաջինը հասած էր հոկտեմբեր 2016-ին, երկրորդը առաքուած է երկու օդանաւով, առաջին այս բաժինը, որ Լաթաքիա հասաւ 14 փետրուարին եւ այսօր Հալէպ, կը պարունակէ սննդամթերք ու առաջին անհրաժեշտութեան իրեր: Երկրորդ օդանաւը եւս 17 փետրուարին հասած է Լաթաքիոյ Հըմէյմիմ ռուսական ռազմակայան: Ան կը պարունակէ փոքրերու եւ մեծերու յատուկ հանդերձանք: Օժանդակութեան մէկ մասը բաժնուած է արդէն Քեսապի, Թարթուսի, Լաթաքիոյ, Դամասկոսի մեր համայնքին եւ արաբ ժողովուրդին: Օժանդակութեան Հալէպի բաժինը Շտապ օգնութեան գործադիր մարմինին ճամբով պիտի բաժնուի համայնքի բոլոր կարիքաւորներուն, առանց խտրութեան, ինչպէս նաեւ ոչ հայ կարիքաւորներուն: Հայաստանի կառավարութեան որոշումով մարդասիրական այս օժանդակութիւնները շարունակական բնոյթ պիտի ստանան»: Հիւպատոսը նշեց, որ ռուսական եւ հայկական բոլոր լրատուամիջոցները հաղորդեցին մարդասիրական օժանդակութեան առաքումը:

Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան ներկայացուցիչ գնդապետ Պաւել Գէօզալեան ըսաւ. «Մարդասիրական օժանդակութեան տրամադրման ընթացքին ես ներկայ եղայ Լաթաքիա, իսկ այժմ Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցի: Քաղաք մտած պահուս իմ վրաս շատ ծանր ազդեց այն հանգամանքը, որ քաղաքը ահաբեկչական յարձակումներու եւ մարտական գործողութիւններու իբրեւ հետեւանք ենթարկուած է հսկայածաւալ քանդումներու: Այստեղ ցաւով իմացայ նաեւ, որ զոհերուն մէջ եղած են հայեր եւս: Հայաստանի կողմէ տրամադրուած այս օժանդակութիւնը քայլ մըն է` մեղմացնելու Սուրիոյ ժողովուրդին տագնապը»:

Շտապ օգնութեան հալէպի գործադիր մարմինի անդամ Զեփիւռ Գէորգեան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց հայրենիքին, Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսին եւ նշեց, թէ օժանդակութիւնը քանակի եւ տեսակի համաձայն պիտի բաշխուի Հալէպի բոլոր կարիքաւոր ընտանիքներուն, նկատի պիտի առնուին նաեւ տարիքային բաժանումները: Օրինակ մը տալու համար ան ըսաւ, թէ նախորդ օժանդակութեան ծրարներուն մէջ գտնուող վերարկուները բաշխուեցան հալէպահայ բոլոր վարժարաններու աշակերտութեան:

 

 

 

Նախորդը

Հոգեհանգիստ Երջանկայիշատակ Հայրապետներու Եւ Լուսահոգի Միաբան Հայրերու Համար

Յաջորդը

Թրամփ. «Ամերիկեան Լրատուամիջոցներուն Նկատմամբ Ներողամիտ Պիտի Չգտնուիմ, Եթէ Մարդոց Սուտ Խօսին»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.