Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ 82-ՐԴ ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԲԱՑՈՒՄ

October 13, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին 82-րդ ուսումնական տարեշրջանի բացումը տեղի ունեցաւ հովանաւորութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսի, կիրակի, 9 հոկտեմբեր 2011-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուած տեսչական սուրբ պատարագով, որուն ընթացքին սաներ սուրբ հաղորդութիւն ստացան:

Պատարագեց եւ քարոզեց տեսուչ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան, որ «Ինչո՞ւ զիս ուրիշ տեղ կը փնտռէիք. չէի՞ք գիտեր, թէ Հօրս տան մէջ պէտք է գտնուիմ» (Ղկ. 2.49) բնաբանին լոյսին տակ ընդգծեց, թէ դպրեվանքը Աստուծոյ եւ ազգին տունն է եւ դպրեվանեցին զԱստուած ու իր նմանները կը սիրէ իր հոգեւոր եւ իմացական աճումը որպէս ինքնաբուխ ծառայութիւն արտայայտելով:

Սուրբ եւ անմահ պատարագը երգեցին դպրեվանեցիներ` ղեկավարութեամբ մայր տաճարի դպրապետ Թորգոմ վրդ. Տօնոյեանի:

Երկուշաբթի, 10 հոկտեմբեր, առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Պիքֆայայի մէջ, միաբան հայրերու, ուսուցիչներու եւ ուսանողներու ներկայութեան տեղի ունեցաւ դպրեվանքի վերաբացման գեղարուեստական հանդիսութիւնը` հովանաւորութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին:

Յայտագիրը կը ներառէր դպրեվանքի «Սիրտ ի սիրտ» քայլերգը, շարականներ, Աւետարանէն եւ «Նարեկ» աղօթամատեանէն ընթերցումներ, արտասանութիւն մը եւ «Կիլիկիա» մաղթերգը:

Տեսչական խօսքը ուղղեց Նարեկ արք. Ալեէմէզեան եւ գոհութիւն առաքեց առ Աստուած, որ Իր Ս. Աջին տակ կը պահպանէ դպրեվանքը ու որդիաբար շնորհակալութիւն յայտնեց Արամ Ա. սրբազնագոյն հայրապետին, որ յատուկ եւ ամէնօրեայ ուշադրութիւն կը դարձնէ դպրեվանքին ու միաժամանակ կը գլխաւորէ ուսուցչական կազմը: Ան տեղեկացուց, որ դժբախտաբար նորին սրբութիւնը մեզի հետ չէ, որովհետեւ հովուապետական այցելութեամբ կը գտնուի Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմ:

Ապա սրբազանը ներկայացուց դպրեվանքի տեսչական, ուսուցչական եւ ուսանողական պատկերը` յայտնելով, թէ նորանշանակ տեսչութեան մաս կը կազմեն Ստեփանոս վրդ. Փաշայեան, Վարանդ վրդ. Քորթմոսեան եւ  Շնորհք աբղ. Աշըգեան, ուսուցիչներուն ընդհանուր թիւն է քսանինը եւ սաներուն` քառասունեօթը: Ան եզրափակեց` սաներուն յանձնարարելով այս տարեշրջանին դպրեվանքին համար կեանքի ուղեցոյց ընտրել «Աստուծոյ եւ ազգին տան մէջ երկնային իմաստութեամբ զարգանալ» սկզբունքը, խորապէս անդրադառնալով աստուածաշնչական պատգամին, թէ` «առաքինութիւնները իմաստութեան պտուղներն են» (Իմստ. 8.7):

Հանդիսութեան օրհնութեան խօսքը արտասանեց եւ նոր բացուող կրթական տարեշրջանը «Պահպանիչ»ով օրհնեց Կոմիտաս արք. Օհանեան: Սրբազանը նախ փոխանցեց վեհափառ հայրապետին օրհնութիւնները եւ ապա դպրեվանքը որպէս հոգեւոր ու ազգային ծառայութեան դարբնոց բնորոշելէ եւ զայն սուրբ թարգմանիչ վարդապետներու աւանդին ուխտի կապը նկատելէ ետք, ամբողջական յաջողութիւն մաղթեց դպրեվանեցիներուն:

Բեղմնաւոր տարուան մը հեռանկարով դպրեվանեցիներ անմիջապէս սկսան իրենց դասերուն:

 

Նախորդը

ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 1650-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ

Յաջորդը

ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ ԱՅՆՃԱՐ. ՀՈՒՆՁԻ ՏՕՆ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.