Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

February 13, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Սաատ Հարիրի Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Ժամաա Իսլամիէի ընդհանուր քարտուղար Ազզամ Այուպին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը երէկ առաւօտեան խուզարկումներ կատարեց Պեքաայի Թիպէ շրջանի սուրիական գաղթակայանին մէջ` փնտռելով այն սուրիացիները, որոնք ապօրինաբար մուտք գործած էին Լիբանան: Միւս կողմէ, բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը Սայտայի մէջ ձերբակալեց Իպրահիմ Ռիֆային, որ անդամ է Ահմետ Ասիրի հետեւած ահաբեկչական բջիջին:

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատունը պիտի ընդառաջէ բնակարաններու յատուկ նիւթական փոխատուութիւններ կատարող հաստատութեան կողմէ տրուած վարկերուն տոկոսները նուազեցնելու առաջարկին: Սալամէ շեշտեց, որ այս որոշումին վերաբերող համաձայնութիւնը պիտի յայտարարուի չորեքշաբթի, 15 փետրուարի նիստին ընթացքին:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ղասսան Հասպանի ընդգծեց, որ 64 տարիքը բոլորած քաղաքացիներուն բուժման ծախսերը նախարարութիւնը հարիւր առ հարիւր պիտի հոգայ:

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Ժամալ Ժարրահ հերքեց բջիջային հեռաձայնի երրորդ ընկերութեան մը մասին շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերը` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ բջիջային հեռաձայնային հաղորդակցութիւնները ընդհանրապէս սուղ չեն:

ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ յայտնեց, որ քաղաքականութիւնը կանգ պիտի առնէ նախարարութեան դռներուն դիմաց, եւ ինք պիտի չարտօնէ, որ անիկա նախարարութեան մէջ թափանցէ:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ Լիբանան կարիքը ունի իգական սեռի ներուժին` երկրին բոլոր մարզերուն պարագային: Ան հաստատեց, որ կիներուն դէմ գործադրուած խտրութիւնը կիներու ներուժի մսխում է եւ անիկա խիստ մերժելի է:

ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու պետական նախարար Մույին Մերեհպի շեշտեց, որ Քլէյաաթի օդակայանի վերաբանեցումը ամբողջ Լիբանանի եւ յատկապէս հիւսիսային Լիբանանի համար անհրաժեշտութիւն է:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Մըլհեմ Ռիաշի շեշտեց, որ 1960-ի ընտրական օրէնքին բարեփոխուած տարբերակը մերժելի է` նկատի ունենալով, որ անոր կ՛ընդդիմանան շարք մը խոչընդոտներ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ 1960-ի օրէնքին կամ անոր տրամաբանութեան պէտք չէ վերադառնալ, որովհետեւ անիկա իսկապէս կը խորացնէ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն տարակարծութիւնները եւ կրնայ պատճառել երեսփոխանական ընտրութիւններու յետաձգումը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերը կը գտնուին ընտրական նոր օրէնք մը վաւերացնելու սեմին:

ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ շեշտեց, որ ոչ ոք կը փափաքի հասնիլ խորհրդարանի թափուր դրութեան` աւելցնելով, որ այդ կացութիւնը նոյնիսկ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն չ՛ուզեր տեսնել:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա շեշտեց, որ ընտրական նոր օրէնքի վաւերացումը լիբանանեան պետութեան նկատմամբ վստահութիւնը վերահաստատելու նախաքայլ կը նկատուի:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար շեշտեց, որ խառն ընտրական օրէնքին վաւերացումը շատ աւելի հաւանական է, քան ընտրական օրէնքի մնացեալ տարբերակները:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ղազի Արիտի հաստատեց, որ ի վերջոյ լիբանանեան ոճի համաձայնութիւն մը պիտի գոյանայ ընտրական օրէնքին շուրջ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ շեշտեց, որ ընտրական օրէնքին հարցը կարելի է լուծել` որդեգրելով համամասնական դրութիւնը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի նշեց, որ պէտք է անյապաղ մշակել ընտրական արդար օրէնք մը, որ կ՛երաշխաւորէ գործակցութիւնը` լիբանանեան պետութիւնն ու պետական հաստատութիւնները պաշտպանելու առումով:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն Սուրիա պիտի այցելէ, երբ այդ այցելութեան կարիքը զգացուի:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Պութրոս Հարպ շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն պարագային անկարելի է Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլի հետ ընտրական դաշինք գոյացնել` ընդգծելով, որ իր եւ Պասիլի միջեւ ներդաշնակութիւն չկայ:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի պատասխանատուներէն Վերա Եամմին նշեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին կատարելը գրեթէ անկարելի է:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ Իրանի շնորհիւ ամբողջ շրջանը պարտութիւն կրելու ժամանակաշրջանէն անցած է յաղթանակներու կերտումի ժամանակաշրջան:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալի Իրանի Ազգային տօնին առիթով կազմակերպուած տօնակատարութեան մը ընթացքին կոչ ուղղեց վերջ տալու ահաբեկիչներու զօրակցութեան եւ ուղղուելու դէպի քաղաքական լուծումներ` կասեցնելու համար արիւնահեղութիւնը:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով երեսփոխանական աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ ընտրական օրէնքին մասին քաղաքական ուժերուն միջեւ տեղի ունեցած խորհրդակցութիւնները պիտի վերջնականանան կառավարութեան գումարելիք նիստերուն ընթացքին:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի մօտիկ աղբիւրներ հաստատած են, որ ընտրական նոր օրէնքը մօտիկ ապագային պիտի վաւերացուի:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, երեսփոխանական ընտրութիւններուն թեքնիք յետաձգումը արդէն իսկ յստակացած է եւ վերջնականացած:

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Ընտրական Կեդրոնական Յանձնախումբը Յայտարարած Է Երկրին Մէջ Հանրաքուէի Կատարման Թուականը

Յաջորդը

«Սէուտական Արաբիա Կը Զօրակցի Լիբանանցիներուն Վաւերացուցած Որեւէ Ընտրական Օրէնքի» Շեշտեց Սապհան

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.