Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պիելոռուսիա Ազրպէյճանին Արտայանձնեց Ալեքսանտր Լափշինը

February 8, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ ուշ գիշերին Պիելոռուսիա Ազրպէյճանին արտայանձնեց պլոկըր Ալեքսանտր Լափշինը: ԱՓԱ լրատու գործակալութեան փոխանցումով` Լափշինը Պաքուի օդակայանէն տեղափոխած են Ազրպէյճանի ազգային անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցները:

Երէկ երեկոյեան Պիելոռուսիոյ Գերագոյն դատարանը մերժած էր պլոկըրին բողոքարկումը: Բողոքարկումի մերժման որոշումին յաջորդած է այդպիսով Լափշինը Ազրպէյճանին յանձնելու մասին որոշումը:

Պիելոռուսիոյ Գերագոյն Դատարանը Մերժեց Լափշինի Բողոքարկումը

Պիելոռուսական «Սփութնիք»-ը կը հաղորդէ, որ Պիելոռուսիոյ Գերագոյն դատարանը մերժած է Ռուսիոյ քաղաքացի, յայտնի պլոկըր Ալեքսանտր Լափշինի` զինք Ազրպէյճանին արտայանձնելու Պիելոռուսիոյ գլխաւոր դատախազութեան որոշումին դէմ բողոքը:

Պիելոռուսիոյ Գերագոյն դատարանը Լափշինի բողոքարկումը քննած է կէս ժամէն նուազ տեւողութեամբ: Լափշինի փաստաբան Նաթալիա Շեքինա յայտնած է, որ իր պաշտպանեալը դատարանի դահլիճին մէջ չէ եղած: Ան յայտնած է, որ Լափշինի կինը դիմած է Մինսքի ներքին գործոց գլխաւոր վարչութեան քաղաքացիութեան եւ գաղթականներու բաժանմունք` պահանջելով յաւելեալ պաշտպանութիւն տրամադրել: Բացի ատկէ, ան բողոք ներկայացուցած է ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու յանձնախումբին, որ արդէն ընդունած է քննարկել զայն:

Պիելոռուսիոյ Գերագոյն դատարանին կողմէ Լափշինը Պաքուին արտայանձնելու մասին որոշումը օրինական նկատելու պարագային անիկա ուժի մէջ պիտի մտնէ հրապարակման պահէն սկսեալ:

Ազրպէյճանի մէջ Լափշինի կը սպառնայ քրէական հետապնդում թիւ 281.2 (երկրին դէմ ուղղուած հրապարակային կոչեր) եւ 318.2 (Ազրպէյճանի Հանրապետութեան պետական սահմանի անօրինական հատում) յօդուածներով:

Երկու յօդուածներուն հիմամբ Լափշին կրնայ մինչեւ հինգ տարուան բանտարկութեան դատապարտուիլ: Ան Ազրպէյճանի կողմէ կը փնտռուի ապրիլ 2011-ին, հոկտեմբեր 2012-ին եւ յունիս 2016-ին Լեռնային Ղարաբաղ այցելելու, ինչպէս նաեւ իր պլոկին մէջ Ազրպէյճանի քաղաքականութիւնը քննադատելու համար: Ազրպէյճան 2011-ին զինք ներառած էր իր կողմէ փնտռուող անձերու ցուցակին մէջ:

Ազրպէյճան Պիելոռուսիոյ իշխանութիւններէն կը պահանջէ Լափշինը արտայանձնել իրեն:

 

 

 

Նախորդը

Փութին-Ռուհանի Հանդիպումին Ընթացքին Պիտի Քննարկուի Ղարաբաղեան Հարցը

Յաջորդը

Թայլանտ Հետաքրքրուած Է ԵՏՄ-ի Հետ Համագործակցութիւնը Զարգացնելու Հարցով

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.