Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկացիներուն Կարծիքով` Հայաստան Աւելի՛ Սերտ Դաշնակից Է, Քան Թուրքիան

February 6, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու տարածքին կատարուած հարցախոյզի մը պատասխաններուն համաձայն, 144 երկիրներու շարքին Հայաստան կը գրաւէ 64-րդ դիրքը` իբրեւ Միացեալ Նահանգներու դաշնակից երկիր: Հանրապետական կուսակցութեան անդամ պատասխանողները աւելի շատ Հայաստանը սերտ դաշնակից կը նկատեն Ամերիկային, քան` դեմոկրատականները:

Պատասխանող հանրապետականներուն տուած գնահատականներով, Հայաստան 51-րդ տեղը կը գրաւէ, իսկ ըստ դեմոկրատականներուն` 90-րդը:

Նախկին Խորհրդային Միութեան երկիրներու շարքին, Հայաստանէն առաջ կը դասուին Լաթվիան, Էսթոնիան, Վրաստանն ու Ուքրանիան:

Ընդհանուր առմամբ, հարցումներուն պատասխանողները Հայաստանին աւելի՛ բարձր տեղ տուած են, քան` շրջանին մէջ աւանդաբար Միացեալ Նահանգներու սերտ դաշնակիցը նկատուող եւ ՕԹԱՆ-ի անդամ Թուրքիոյ: Ըստ հրապարակուած արդիւնքներուն` Թուրքիան 74-րդն է, այսինքն` տասը կէտով ետ Հայաստանէն: Ազրպէյճան կը գրաւէ 120-րդ տեղը, Ռուսիան` 138-րդը, իսկ ցանկի վերջին տեղը կը գրաւէ Հիւսիսային Քորէան:

Հարցախոյզը կատարուած է 28 յունուարէն 1 փետրուար 2017-ի ընթացքին: YouGov-ի կողմէ կատարուած սոյն հարցախոյզին պատասխանած են եօթը հազարէ աւելի ամերիկացիներ: Համեմատութեան համար բերուած են նաեւ նախորդ` 2014 թուականի հարցումներու արդիւնքները, որոնց համաձայն, երեք տարի առաջ Հայաստանը Միացեալ Նահանգներու դաշնակից նկատողներուն թիւը աւելի քիչ էր. արդարեւ, այս տարուան 64-րդ տեղին փոխարէն, 2014-ին Հայաստան գրաւած էր 83-րդ տեղը:

Հարցախոյզի արդիւնքներու աղիւսակները հրապարակուած են «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի ուրբաթ օրուան թիւին մէջ:

 

Նախորդը

Փէյթըլ Կը Խոստանայ Բրիտանիոյ Յանձնառութիւնը` Ուսման Մարզին Կատարուելիք Օժանդակութիւնները Աւելցնելու Իմաստով

Յաջորդը

Սելինա Տողան Անդրադարձած Է Ցեղասպանութեան Մասին Կարօ Փայլանի Ելոյթին

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.