Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարար Կիտանեան Կ՛ողջունէ «Արմինիա» Օդանաւային Ընկերութեան Երեւան-Պէյրութ Ուղիղ Թռիչքներու Հաստատումը

February 4, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ armeniasputnik.am կայքին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ողջունեց «Արմինիա» օդանաւային ընկերութեան 1 փետրուարին վաճառքի հանուած Երեւան-Պէյրութ ուղիղ թռիչքներու տոմսերու դրութիւնը, որոնք իբրեւ նորութիւն ուրախացուցած են պէյրութահայերը:

«Արմինիա» օդանաւային ընկերութեան Երեւան-Պէյրութ կանոնաւոր թռիչքները պիտի սկսին 3 ապրիլին: Թռիչքը Երեւանէն պիտի իրականացուի շաբաթական երկու անգամ դրութեամբ: Ժամանակացոյցին վերաբերեալ արդէն համաձայնութիւն գոյացած է «Զուարթնոց» օդակայանին հետ:

«Կրնամ հպարտութեամբ ըսել, որ ներդրում ունեցած եմ այս նախագիծին մէջ, որ կարեւոր է մեզի` լիբանանահայերուս համար: Ասիկա ո՛չ միայն պիտի նպաստէ երկու երկիրներուն միջեւ զբօսաշրջութեան զարգացման, այլեւ պիտի ազատէ մեզ տարանցիկ թռիչքներու հետ կապուած անյարմարութիւններէն», կայքի թղթակիցին յայտնեց նախարար Կիտանեան:

Ան նշեց, որ լիբանանահայութիւնը երկար սպասած է այս իրադարձութեան` աւելցնելով, որ այժմ հայրենիք այցելելը շատ աւելի դիւրին պիտի ըլլայ:

«Արմինիա» օդանաւային ընկերութիւնը  անակնկալ մը եւս մատուցած է. ուղեւորները կրնան Պէյրութ մեկնիլ ամէնէն աժան գինով եւ իրենց հետ տանիլ 30 քկ ուղեբեռ եւ 10 քկ ձեռքի ուղեբեռ:

Վերջին տուեալներով` իւրաքանչիւր տարի Լիբանանէն Հայաստան կ՛այցելէ մօտաւորապէս 20 հազար մարդ:

Միւս կողմէ, նախարար Կիտանեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Թեհրանի պանդոկներու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Ալի Նատեր Խամիրի եւ Լիբանանի պանդոկներու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Փիեռ Աշքարի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները բարելաւելու հեռանկարները` ընդգծելով զբօսաշրջութեան նախարարութեան ունենալիք ներդրումը լիբանանեան-իրանեան զբօսաշրջութեան մարզը բարգաւաճեցնելու առումով:

Ա. Կիտանեան լիբանանեան պատկերասփիւռի կայանի մը հետ  երեկոյեան ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ զբօսաշրջական բոլոր հաստատութիւնները ստիպուած են ուղարկել սակացոյց մը, որ չափանիշներու համաձայն կը վաւերացուի զբօսաշրջութեան նախարարութեան կողմէ:

Նախարար Կիտանեան կոչ ուղղեց ապօրինութիւններու հանդիպող բոլոր քաղաքացիներուն կապ հաստատելու նախարարութեան հետ եւ լուծման չյանգելու պարագային միայն դիմելու տեղեկատուութեան մարզին կամ ընկերային ցանցերուն` հրապարակելու այդ ապօրինութիւնները:

Նախորդը

Պասիլ Հանդիպում Ունեցաւ Հարաւային Ափրիկէի Իր Պաշտօնակիցին Հետ

Յաջորդը

Կրանտիի Հետ Հանդիպումին Ընթացքին. «Միջազգային Ընտանիքը Պէտք Է Դիւրացնէ Գաղթականներուն Վերադարձը Սուրիոյ Ապահով Շրջաններ» Շեշտեց Նախագահ Աուն

RelatedPosts

Դաշնակցական Երիտասարդներու  Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան  Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց
Գլխաւոր լուրեր

Դաշնակցական Երիտասարդներու Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց

October 3, 2026
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու  Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի  Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»

October 3, 2026
Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը  Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան  Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ  Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»
Գաղութային

Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.