Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեհրապի Մէջ. «Առանց Բոլորին Համաձայնութեան Ընտրական Օրէնք Մը Կարելի Չէ Գոյացնել» Շեշտեց Ժահժահ

January 28, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ նախանցեալ օր Մեհրապի մէջ ընդունեց Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին կրթութեան նախարար Մարուան Համատէ, երեսփոխաններ Աքրամ Շեհայէպ, Հանրի Հըլու, Ուաէլ Ապու Ֆաուր եւ Ալաէտտին Թըրրօ, ինչպէս նաեւ Թայմուր Ժոմպլաթ:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ երեսփոխաններ Ժորժ Ատուան եւ Անթուան Զահրա, ինչպէս նաեւ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Շանթալ Սարգիս:

Հանդիպումէն ետք Ժահժահ շեշտեց, որ Լեռնալիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակին հիմքն է:

Ան ընդգծեց, որ առանց բոլորին համաձայնութեան ընտրական օրէնք մը կարելի չէ գոյացնել:

«Մեզի համար կարեւոր է, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը համաձայն գտնուի գործադրուելիք ընտրական օրէնքին», ըսաւ ան:

Իր կարգին, Համատէ նշեց, որ կարելի չէ այս կամ այն քաղաքական ուժը ջնջել, աւելցնելով, որ խորհրդարանին մէջ քաղաքական ուժերը ճշգրիտ կերպով ներկայացնելու պահանջներուն պէտք է անսալ:

Համատէ շեշտեց, որ Ժահժահի հետ նոյն ուղեգիծով պիտի շարունակեն ընթանալ:

Նշենք, որ «Ժումհուրիա» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ կառչած կը մնայ տիւրզի համայնքը լուսանցքայնացնող եւ իրաւազրկող որեւէ ընտրական օրէնք մերժելու կեցուածքին:

Նախորդը

Պնաշյիի Մէջ. «Լիբանանեան Ուժերու Եւ Մարատայի Միջեւ Հաղորդակցութեան Յանձնախումբ Մը Կայ» Ըսաւ Ռիաշի

Յաջորդը

Պոն Կ՛այցելէ Արսալ

RelatedPosts

Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

October 24, 2026
Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան  Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի  Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»
Լիբանանեան

Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»

October 24, 2026
Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը  Հեռանայ Լիբանանէն»
Լիբանանեան

Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը Հեռանայ Լիբանանէն»

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.