Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստան Ռուսիայէն Կ՛ակնկալէ 300 Միլիոն Տոլարի Ներդրում

January 27, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Կարայեան լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ հայ-ռուսական ներդրումային հիմնադրամ ստեղծելու` վարչապետի յանձնարարականին:

«Ըստ նախնական պայմանաւորուածութիւններու, հիմնադրամին ֆոնտի հիմնական նպատակը պիտի ըլլայ ֆինանսաւորումն ու ներդրումները այն մարզերուն մէջ, որոնք Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ  ապրանքաշրջանառութեան բարձրացման, արդիւնաբերութեան մարզի զարգացման եւ արտահանման աճին պիտի նպաստեն», ըսած է ան` աւելցնելով, որ յառաջիկայ ամիսներուն պիտի սկսին հայ-ռուսական հիմնադրամի ստեղծման աշխատանքները:

Նախարարը շեշտած է, որ ռուսական կողմը Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարելու հարցով հետաքրքրուած է. առնուազն 300 միլիոն տոլարի ներդրումներ պիտի ներգրաւուին Ռուսիայէն: Ռուս ներդրողները յատկապէս հետաքրքրուած են ուժանիւթի, վերականգնուող ուժանիւթի, գիւղատնտեսութեան եւ հանքարդիւնաբերութեան մարզերով:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ այս տարի Հայաստան չի մասնակցիր Տաւոսի տնտեսական համաժողովին, նախարարը ըսած է. «Մենք ամբողջովին կը հետեւինք հոլովոյթին, սակայն, աշխատանքային ծանրաբեռնուածութեան պատճառով կարելիութիւն  չեղաւ մասնակցելու այդ համաժողովին: Այո՛, ես համաձայն եմ, որ Տաւոսի համաժողովը կրնայ լաւ հարթակ հանդիսանալ, սակայն ատիկա  միակ հարթակը չէ: Այդ համաժողովին չմասնակցիլը չի նշանակեր, որ մեր ներդրումային ծրագիրները պիտի չներկայացուին բոլոր ներդրողներուն», յայտնած է ան:

Կարայեան համաձայն գտնուած է այն տեսակէտին, որ ներդրումներուն համար ընտրութիւնները կրնան խանգարող հանգամանք ըլլալ, քանի որ նման հոլովոյթներ որոշ չափով զսպող են:

 

Նախորդը

Դանիոյ Խորհրդարանը Կ՛ափսոսայ «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Օգտագործումը Արգիլող Թրքական Օրէնսդրութեան Գոյութեան Համար

Յաջորդը

Քազիմիրով. «Իլհամ Ալիեւ Կը Շարունակէ Զինուորական Գործողութիւններու Վերսկսման Վերաբերեալ Սպառնալիքներ Հնչեցնել»

RelatedPosts

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է

February 2, 2026
Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»
Հայկական

Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.