
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան վեց ճակատումներ:
Պոսթըն Սելթիքս, որ Ուաշինկթընի մէջ հիւրը եղաւ Ուիզըրտծի, կրեց իր 18-րդ պարտութիւնը` 123-108 արդիւնքով: Իսայահ Թոմաս (Սելթիքս) նշանակեց 25 կէտ:
Ֆէոնիքսի մէջ Սանզ կէտի մը տարբերութեամբ միայն` 112-111 արդիւնքով պարտուեցաւ Մինեսոթա Վուլվզէն: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Էնտրու Ուիկինզ նշանակեց 31 կէտ:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
| Սաքրամենթօ Քինկզ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ | 108-106 |
| Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ | 121-110 |
| Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Պոսթըն Սելթիքս | 123-108 |
| Շիքակօ Պուլզ – Օրլանտօ Մեճիք | 100-92 |
| Տենվըր Նակեթց – Եութա Ճեզ | 103-93 |
| Մինեսոթա Վուլվզ – Ֆէոնիքս Սանզ | 112-111 |
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.
Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Սաքրամենթօ Քինկզ
Պոսթըն Սելթիքս – Հիուսթըն Ռոքեթց
Պրուքլին Նեթց – Մայեմի Հիթ
Շիքակօ Պուլզ – Աթլանթա Հոքս
Միլուոքի Պաքս – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ
Նիւ Օրլինզ – Օքլահոմա Սիթի
Շարլոթ Հոռնեթց – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ
Տալաս Մավըրիքս – Նիւ Եորք Նիքս
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ


