
«Շարք Աուսաթ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան բանակը 2016-ի վերջերէն սկսեալ արդէն իսկ կազմ ու պատրաստ է պահպանելու երկրին ապահովական կայունութիւնը` նկատի ունենալով, որ բացայայտուած էին կարգ մը տեղեկութիւններ, թէ որոշ շրջաններ թիրախ պիտի դառնան ահաբեկչական գործողութիւններու:
Բանակը նշեալ գործողութիւնները կը կատարէ կանխահաս ձերբակալութիւններու եւ կամ գաղտնի սպասարկութեան կողմէ խնդրոյ առարկայ կասկածելիները հետապնդելու ճամբով:
Նշենք, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի այս գործողութիւնները կը կատարուին բանակին եւ ապահովական կառոյցներուն, յատկապէս ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքին եւ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն միջեւ սերտ գործակցութեամբ:
Միւս կողմէ, բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը Սայտայի մէջ ձերբակալեց 10 յանցագործներ` Համրայի մէջ անձնասպանական գործողութեան հեղինակի թեկնածու Օմար Ասիի խոստովանութիւններուն հիման վրայ:


