Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եթէ Այս Շաբաթ Ալ Պոլսոյ Նահանգապետարանը Չընդունի Մեր Պատուիրակութիւնը, Պատրիարքի Ընտրութեան Մասին Նամակը Պիտի Յանձնուի Այլ Միջոցով» Կ՛ըսէ Աթեշեան Սրբազանը

January 13, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ateshian_11217

«Թերթ»` յղում կատարելով «Ակօս»-ին կը գրէ, որ Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանը չէ ստացած Պոլսոյ նահանգապետարանին կողմէ ընդունելութեան թուականի վերաբերեալ պաշտօնական պատասխանը: Ակնկալուող հանդիպումին ընթացքին Պոլսոյ հայոց նոր պատրիարքի ընտրութիւններուն հետ կապուած պատրիարքարանին կից յանձնախումբը նահանգապետարանին պիտի ներկայացնէ ընտրութիւններ կատարելու վերաբերեալ եկեղեցական խորհուրդի որոշումը եւ յստակացնէ ընտրութեան կատարման ժամկէտը:

Ըստ Պոլսոյ հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեանի, նահանգապետարանը չէ կրցած պաշտօնական պատասխան յղել պատրիարքարանին` «չափէն աւելի խճողուած ժամանակացոյցի պատճառով»:

Ս. Ծնունդի տօնին իր շնորհաւորական խօսքին մէջ Աթեշեան սրբազանը` անդրադառնալով համայնքը յուզող խնդիրին, նշած էր, որ եթէ նահանգապետարանի պատասխանը ուշանայ, իրենք նամակը պիտի փոխանցեն առանց ընդունելութեան սպասելու:

«Եթէ այս շաբաթ ալ որեւէ զարգացում չըլլայ, պիտի դիմենք այլ միջոցի: Մեր պատրաստած դիմում-նամակը առանց հանդիպումի ուղղակի պիտի յանձնենք նահանգապետարանին», ըսած է Աթեշեան սրբազանը:

«Ակօս» կը հաղորդէ, որ կ՛ենթադրուի, որ պատրիարքարանի ներկայացուցիչները դիմում-նամակը նահանգապետարանին պիտի յանձնեն մօտ օրէն:

«Մինչդեռ դիմում-նամակին վերաբերեալ համայնքին մէջ տակաւին շարք մը անպատասխան հարցականներ կան: Մասնաւորաբար, թէ ի՞նչ ձեւակերպումներ կը պարունակէ դիմումը, այնտեղ ընտրութիւն կատարելու համար արտօնութի՞ւն կը խնդրեն, թէ՞ պարզապէս կ՛ակնկալեն յստակացնել ընտրութեան կատարման թուականը», կ՛եզրափակէ պոլսահայ շաբաթաթերթը:

 

Նախորդը

ԵԱՀԿ-Ի Երեւանեան Գրասենեակը Կրնայ Փակուիլ

Յաջորդը

Հայաստանի Կառավարութեան Ռազմավարական Նախաձեռնութիւններու Կեդրոնի Պաշտօնական Բացում

RelatedPosts

Դաշնակցական Երիտասարդներու  Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան  Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց
Գլխաւոր լուրեր

Դաշնակցական Երիտասարդներու Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց

October 3, 2026
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու  Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի  Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»

October 3, 2026
ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը»  Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը
Հայկական

ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը» Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.