Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ճայերը Կը Սպառնան Քաղաքացիական Օդանաւորդութեան Ապահովութեան, Իսկ Կառավարութիւնը Կը Փութայ Գործնական Քայլեր Առնելու

January 13, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

seagulls_11217

Քոսթա Պրաւայի թափօններու թաղման վայրին եւ Ղատիր գետին խառնուած կոյուղիներուն ծով թափած վայրին մէջ վխտացող ճայերը, որոնք կը խախտեն քաղաքացիական օդանաւորդութեան ապահովութիւնը, երէկ մղեցին, որ լիբանանեան գործադիր եւ դատական իշխանութիւնները լծուին աշխատանքի:

Երէկ երեկոյեան ժամը 7:30-ին վարչապետարանին մէջ վարչապետ Սաատ Հարիրի նախագահեց ապահով քաղաքացիական օդանաւորդութեան վերաբերող նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան կենսոլորտի նախարար Թարեք Խաթիպ, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս, Բարգաւաճման եւ վերաշինութեան խորհուրդի նախագահ Նեպիլ Ժսըր, նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ֆուատ Ֆլայֆել, «Միտըլ Իսթ» ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Հութ եւ վարչապետ Հարիրիի բարգաւաճման հարցերու խորհրդատու Ֆատի Ֆաուազ:

Նիստէն ետք Ֆընիանոս շեշտեց, որ նիստին ընթացքին դիմած են քաղաքացիական օդանաւորդութիւնը եւ կենսոլորտը պահպանելու փորձագէտներու` աւելցնելով, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանին շրջակայքը կան վայրեր, ուր հաւնոցներ կան, ինչպէս նաեւ կը պահուին աղաւնիներ եւ հնդկահաւեր, որոնք կը վտանգեն քաղաքացիական օդանաւորդութեան ապահովութիւնը:

Ան նշեց, որ այս բոլոր հարցերուն լուծումները պիտի գտնուին:

Ֆընիանոս յայտնեց, որ օդակայանին մէջ գտնուող փոսերը, որոնց մէջ ջուրերը հաւաքուած էին, արդէն իսկ ծածկուած են, եւ օդակայանին շուրջ գտնուող հաւնոցներուն հարցը պիտի լուծուի:

Ֆընիանոս շեշտեց, որ Ղատիր գետին ջուրը կոյուղիի ջուրի վերածուած է` աւելցնելով, որ պիտի աշխատին իւրաքանչիւր հարցի համար յարմարագոյն լուծումը տրամադրել:

Ան յայտնեց, որ դատական իշխանութիւնները իրենց կարգին փութացած են հարցերը լուծելու եւ նախարարութիւններէն պահանջած են տեղեկագիրներ: «Նախարարութիւնները իրենց կարգին տեղեկագիրներն ու փաստաթուղթերը տրամադրած են դատական իշխանութիւններուն:

Ճայերը պիտի հեռացուին հրավառութեան միջոցով, ձայնային զէնքերով, ճայերը նեղացնող ձայներ արձակող սարքերով, ինչպէս նաեւ օդակայանին շրջակայքը յատուկ դեղ մը ցանելով, որպէսզի ճայերն ու թռչնազգիները չմօտենան օդակայանին եւ չվտանգեն քաղաքացիական օդանաւորդութիւնը: Այսօրուընէ սկսեալ Բարգաւաճման եւ վերաշինութեան խորհուրդը պիտի սկսի նաեւ Ղատիր գետի հարցին լուծման», նշեց Ֆընիանոս:

Միւս կողմէ, Քոսթա Պրաւայի թափօններու թաղման վայրը դատական իշխանութիւններուն կողմէ տրուած որոշումով մը ժամանակաւոր կերպով փակուեցաւ, իսկ առաւօտեան կենսոլորտի նախարար Թարեք Խաթիպ այցելեց Քոսթա Պրաւա եւ ականատեսը դարձաւ ծով թափող Ղատիր գետին գարշելի իրավիճակին` ընդգծելով, որ ճիգ պիտի չխնայեն այդ հարցը լուծելու իմաստով:

 

 

Նախորդը

Ցաւակցական Այցելութիւն Հաշեմի Ռաֆսանճանիի Մահուան Առիթով

Յաջորդը

«Մեր Նպատակն Է Վերականգնել Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը` Պահպանելով Հայկական Տարբեր Կողմերը Ներկայացնելու Անոր Աւանդը» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

RelatedPosts

Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

October 24, 2026
Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան  Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի  Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»
Լիբանանեան

Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»

October 24, 2026
Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը  Հեռանայ Լիբանանէն»
Լիբանանեան

Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը Հեռանայ Լիբանանէն»

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.