
«Հապերթիւրք» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելի, անդրադառնալով խորհրդարանին մէջ սահմանադրական փոփոխութիւններու առաջարկի քննարկումին, նշած է, որ եթէ խորհրդարանին մէջ այս հարցին շուրջ լարուածութիւնը շարունակուի, ապա այդ իրավիճակը հանրաքուէի ժամանակ կրնայ ազդել ամբողջ Թուրքիոյ վրայ:
Խօսելով խորհրդարանին մէջ քննարկման ժամանակ տեղի ունեցած ծեծկռտուքին մասին` ան նշած է, որ լարուածութիւնը պէտք է նուազեցնել եւ վիրաւորական արտայայտութիւններէն խուսափիլ:
Պահչելի ընդգծած է, որ եթէ սահմանադրական փոփոխութիւնները խորհրդարանին մէջ չհաստատուին, անհրաժեշտ պիտի ըլլայ նոր խորհրդարան ձեւաւորել:


