
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը այսու կու գայ հայ գրասէր հանրութեան եւ հայերէնի ուսուցման մարզին մէջ մասնագէտներու ուշադրութեան յանձնելու, թէ առ ի գործադրումն Համազգայինի Է. պատգամաւորական ժողովի որոշումներուն, իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ համացանցային ոլորտին մէջ հայերէնի տարածման, ինչպէս նաեւ նորահաս սերունդի հայերէնի ճանաչողութեան գործին:
Առ այդ, այսու կը յայտարարենք հրապարակումը մանկական ձեռագիր «ԱՐԴԻ» տառատեսակին, որ կարելի է օգտագործել յատկապէս տպագրական հաստատութիւններուն, մանուկներու յատուկ հրատարակութիւններ պատրաստող խմբագիրներուն եւ մանաւանդ տպագրական հետեւեալ ծրագիրները օգտագործողներուն կողմէ. CoralDraw, Quarkxpress, Indesign, Illustrator, Photoshop եւ այլն:
«ԱՐԴԻ» տառատեսակի օգտագործումով, մանուկը պիտի կարենայ հայերէն գիրերը տեսնել այնպէս, ինչպէս ինք կը սորվի դպրոցին մէջ, ինչ որ աւելի դիւրըմբռնելի կ՛ըլլայ մանուկին համար, եւ անոր մտքին մէջ երկուութիւն չի ստեղծուիր: Յայտնենք, որ այս տառատեսակի օգտագործումով միանմանութիւն կը ստեղծուի թէ՛ դպրոցական գիրքերու, թէ՛ քովնտի հրատարակութիւններու եւ թէ՛ արդի գործիքներու վրայ զանազան խաղերու (app) համար օգտագործուած տառատեսակներուն մէջ:
«ԱՐԴԻ» տառատեսակը կարելի է ներբեռնել անվճար` դիմելով Համազգայինի կայքին, հետեւեալ հասցէով` http://www.hamazkayin.com/arti/
Հայ մամուլէն կը խնդրուի տարածել այս հաղորդագրութիւնը:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
9 յունուար 2017
Պէյրութ


