
Հայ գրականութիւնը 8 յունուար 2017-ին մեծ կորուստ ունեցաւ: 68 տարեկանին կեանքէն հեռացաւ թիֆլիսաբնակ բանաստեղծ, թարգմանիչ եւ հրապարակախօս Անահիտ Փոստանճեան:
Թիֆլիսի քաղաքապետարանին կողմէ «Վրաց մշակոյթի դեսպան» տիտղոսին արժանացած գրողը մեծ դեր ունի հայեւվրացական գրականութիւններու մերձեցման գործին մէջ: Ան աւելի քան 30 գիրքի հեղինակ է` բանաստեղծական ու թարգմանական (վրացերէնէ հայերէն եւ հայերէնէ վրացերէն):
Անահիտ Փոստանճեանը Թիֆլիսի «Մերանի» հրատարակչութեան հայերէն հրատարակութիւններու խմբագիրն է, «Կամուրջ» տարեգիրքի գլխաւոր խմբագիրը, «Վրաստան» թերթի բաժինի վարիչներէն, հայաստանեան «Օքրօ Օքրոյեան»-ի անուան հիմնադրամի վրաստանեան ներկայացուցիչը, Վրաստանի եւ Հայաստանի գրողներու միութիւններու անդամ է:
Արժանացած է բազմաթիւ պարգեւներու: Վաժա Փշավելայի մրցանակի դափնեկիր է, Վրաստանի Պատուոյ շքանշանակիր, Նիքօ Նիքոլածէ անուան մրցանակակիր (խմբագրական ու հրապարակախօսական գործունէութեան համար), Հայաստանի Հանրապետութեան «Մովսէս Խորենացի» մետալակիր, Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութեան Ոսկիէ մետալակիր, սփիւռքի նախարարութեան եւ Մխիթարեան միաբանութեան «Յակոբ Մեղապարտ» մետալակիր: Վրացական մշակոյթի դեսպան է:
Անահիտ Փոստանճեանը վերջերս միացած էր նաեւ «Ալիք»-ի խմբագրական կազմին:


