Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գրական-Գեղարուեստակն Երեկոյ` Նուիրուած Լեւոն Գարմէնի Ծննդեան 100-Ամեակին Եւ Մահուան 50-Ամեակին

January 9, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՅՏԱ ՅՈՎԱՍԱՓԵԱՆ

1224carmen5

Քալիֆորնիոյ Հայ երիտասարդաց միութեան սրահին մէջ, նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ իրաքահայ բարեկամներու, Կիրակի, 11 դեկտեմբեր 2016-ին տեղի ունեցաւ գրական-գեղարուեստական երեկոյ մը` նուիրուած բանաստեղծ, գրագէտ, ազգային գործիչ ու մեծ մտաւորական Լեւոն Ստեփանեանի (Լեւոն Գարմէն) ծննդեան 100-ամեակին եւ մահուան 50-ամեակին: Երեկոն կը վայելէր Քալիֆորնիոյ Հայ երիտասարդաց միութեան (ՔՀԵՄ), «Ասպարէզ» օրաթերթին եւ Համազգային մշակութային միութեան հովանաւորութիւնը:

ՔՀԵ միութեան սրահը լեցուած էր հոծ բազմութեամբ. հոն էին վերոյիշեալ կազմակերպութիւններուն ներկայացուցիչները, Լեւոն Ստեփանեանի զաւակները, գաղափարակից ընկերներն ու բարեկամները:

1224carmen8

Նախաձեռնող յանձնախումբին կողմէ երեկոյին բացումը կատարեց Պարոյր Յակոբեան` բացատրելով, թէ ինչո՛ւ երեկոն հովանաւորած են վերոյիշեալներ անունները: Ակնարկելով «Ասպարէզ»-ին` ան յայտնեց, որ Լեւոն Ստեփանեան Իրաքի «Գոյամարտ» շաբաթաթերթի հիմնադիրներէն եւ խմբագրապետներէն մէկն էր, ապա եղած էր նաեւ Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրապետը` մինչեւ իր մահը: Թէ ինչո՞ւ Համազգայինը` որովհետեւ Լեւոն Գարմէն բանաստեղծ, գրագէտ եւ մշակոյթի՛ մարդ էր, իսկ թէ ինչո՞ւ Քալիֆորնիոյ Հայ երիտասարդաց միութիւնը` քանի որ Գարմէն իրաքահա՛յ էր եւ իր մեծ ներդրումը ունեցած էր իրաքահայութեան կեանքին մէջ` դառնալով անոր պատմութեան բացառիկ դէմքերէն մէկը:

Յակոբեան աւելցուց, որ Լեւոն Ստեփանեան եղած է գաղափարական մարդ եւ վարած է կուսակցական պատասխանատու պաշտօններ. ան բազմակողմանի կարողութիւններով օժտուած մեծ մտաւորական մըն էր, շնորհալի բանաստեղծ, գրագէտ, հրապարակագիր, ազգային գործիչ, ճշմարիտ եւ ճշմարտախօս մեծ դաստիարակ:

1224carmen1

Իր խօսքի աւարտին, Պ. Յակոբեան բեմ հրաւիրեց Արուսեակ Մելքոնեանը` իբրեւ երեկոյի հանդիսավարը, որ հակիրճ կերպով ներկայացուց Լեւոն Ստեփանեանի կենսագրականը:

Լեւոն Ստեփանեան ծնած է Հալէպ, 1915-ին. նախնական ուսումը ստացած է տեղւոյն հայկական վարժարանէն, իսկ պատանեկան հասակին իր ընտանիքին հետ փոխադրուած է Պաղտատ, ուր յաճախած է տեղւոյն Ամերիկեան քոլեճը: Հետագային, ան պաշտօնավարած է քարիւղի ընկերութեան մէջ: Երիտասարդ հասակին մաս կազմած է Պաղտատի Հայ երկսեռ երիտասարդաց միութեան թատերական խումբին եւ գրական խմբակին: 1947-ին հրատարակած է իր «Վայրկեաններ» բանաստեղծական գիրքը, ապա` «Բաբելոնեան տոմար» հատորը: Սփիւռքահայ մամուլին մէջ, Ստեփանեան եղած է հիմնադիրներէն եւ խմբագիրներէն մէկը «Գոյամարտ» շաբաթաթերթին: 1966-ի ամրան կը հրաւիրուի Պէյրութ, ստանձնելու համար «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրապետի պաշտօնը, սակայն միայն ամիս մը ետք կը մահանայ:

Բեմ հրաւիրուեցաւ նաեւ Պաղտատի եւ Լոս Անճելըսի հայկական բեմերուն ծանօթ ասմունքող Անդրանիկ Սողոմոնեանը, որ Լեւոն Գարմէնի բանաստեղծութիւններէն ասմունքեց «Հայաստանին» ստեղծագործութիւնը:

Գեղարուեստական բաժինին երեք երգերով մաս կազմեց սոփրանօ Անահիտ Ներսիսեանը` ընկերակցութեամբ դաշնակահար Լեւոն Աբրահամեանի: Իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ տուտուկահար Ռուբէն Յարութիւնեան, որ նուագեց երեք կտորներ` արժանանալով ներկաներու ջերմ ծափողջոյններուն:

Օրուան բանախօսն էր ուսուցիչ-դաստիարակ Հայկազ Թրթռեանը, որ խօսեցաւ Լեւոն Ստեփանեան մարդուն, բանաստեղծին եւ անոր ներքին ապրումներուն մասին:

Թրթռեան ըսաւ, որ Ստեփանեան 1947-ին մտաւ գրական անդաստանէն ներս, եւ անոր գրականութեան նիւթը եղաւ մարդը, սովորական պա՛րզ մարդը` իր ներքին պայքարներով, տառապանքներով ու ցնծութիւններով: Ան իր սերնդակիցներուն մէջ միակ մարդերգակ բանաստեղծն էր, ինչ որ նաեւ Լեւոնի գլխաւոր արժանիքներէն մէկն էր: Անոր գրականութիւնը կը ներկայացնէ անկեղծ ու հզօր ապրումներու շարք մը, որ յաջողեցաւ իմացական բովանդակութեամբ գրականութեան ճաշակ ներմուծել հասարակութեան մէջ:

Իբրեւ մարդ` Լեւոն Ստեփանեան կը սիրէր կեանքը, կը սիրէր բոլորին հետ ըլլալ…ան ազնիւ, խոնարհ, ընկերասէր, մտերմիկ, խաղաղութիւնը սիրող, հայրենասէր գաղափարական, անձնազոհ, նուիրեալ դաշնակցական ընկեր մըն էր, որ գործեց հո՛ն, ուր ժողովուրդը պէտք ունէր իրեն: (Խօսքին ամբողջութիւնը կը ներկայացնենք այս էջով):

Ապա, Լեւոն Ստեփանեանի մահուան առթիւ իր գաղափարակից ու մտերիմ ընկեր տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի գրած վկայութիւնը` «Մեծ կարելիութեանց խորտակում»-ը, հմտութեամբ ընթերցեց Պաղտատի ու Քալիֆորնիոյ Հայ երիտասարդաց միութեանց գրական-գեղարուեստական յանձնախումբերու անդամ Աղուորիկ Մեսրոպեանը:

Նաեւ, քանի մը վայրկեանի տեւողութեամբ ցուցադրուեցան լուսանկարներու սահիկներ, որոնք ներկայացուցին Լեւոն Ստեփանեանը` իր ընկերներուն հետ, տարբեր առիթներով, ապա օրուան եզրափակիչ խօսքը արտասանեց նաեւ Պարոյր Յակոբեանը` նախ շնորհակալութիւն յայտնելով յայտագիրի բոլոր մասնակիցներուն, հովանաւորներուն, վարագոյրի ետին ու սրահէն ներս օգնողներուն, ապա յայտարարեց, որ «Գոյամարտ» թերթը փոխադրուած էր «Ազդակ»-ի խմբագրութիւն, զայն թուայնացնելու նպատակով. այս առիթով նաեւ «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրատան սենեակներէն մէկը անուանուած է Լեւոն Գարմէնի անունով` առ ի յարգանք «Ազդակ»-ի առաջին խմբագրապետի յիշատակին:

Աւարտին, ներկաները հրաւիրուեցան ՔՀԵՄ-ի պատրաստած հիւրասիրութեան:

 

Նախորդը

Հայկազ Թրթռեանի Խօսքը Լեւոն Գարմէնի Ծննդեան 100-Ամեակի Եւ Մահուան 50-Ամեակի Առթիւ Կազմակերպուած Գրական Երեկոյին

Յաջորդը

«Հայրենի Հողի Ծածկագիր Տեսիլքներ»-Ու Տիեզերական Ալիքները Եւ Եւ Դիւցազներգակ Արտեմ Յարութիւնեան

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.