
Յովհաննէս Հելվաճեանի թատերական գործունէութեան եւ անոր ղեկավարած «Կոմիտաս» թատերախումբին հիմնադրութեան 40-ամեակին առիթով երեքշաբթի, 3 յունուար 2017-ին, երեկոյեան ժամը 9:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ուիլիըմ Շէյքսփիրի «Օթելլօ»-ի ներկայացումը` բեմադրութեամբ եւ մենակատարութեամբ Յովհաննէս Հելվաճեանի: Նոր մեկնաբանութեամբ «Օթելլօ»-ի ներկայացման իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ` Թորոս Հելվաճեան (խաղարկութիւն եւ ձայն), Քրիստինա Սրապոնեան (ձայն):
Նախքան թատերախաղին ներկայացումը, Քրիստինա Սրապոնեանի ձայնով ներկայացուեցան զանազան վկայութիւններ Յովհաննէս Հելվաճեանի թատերական վաստակին մասին: Ներկայացնենք քանի մը հատը.
«Երեսունհինգ տարիներու վրայ կարճ կամ երկարաշունչ թատրերգութիւններ բեմադրած ուժ մըն է Յովհաննէս Հելվաճեան: Բեմադրութիւններէն ոմանք յաջող ընթացք մը ունեցած են ու ծափահարուած: Ուրիշներ` նուազ յաջող: Ինծի համար կարեւորը այդ չէ սակայն, կարեւորը իր կոչումին հաւատարմութիւնն է, որ անպակաս եղաւ իր մօտ: Ու երբ կայ այդ հաւատարմութիւնը, անակնկալ յաջողութիւններով դեռ շատ ականատես կ՛ըլլայ թատերասէր հասարակութիւնը», Պ. Սնապեան:
«Ես ալ հետագային` առիթն ունեցայ Յովհաննէս Հելվաճեանը աւելի գնահատելու եւ յաճախ քաջալերելու, որովհետեւ ան իր ժամանակին պայմաններէն անդին ապրող, գաղափարապաշտ, մշակութային ծրագիրներով բեղուն, բայց օրապահիկով համեստ արուեստագէտ մըն էր: Կը հաւատամ, ազգիս անմահութեան ու կը հաւատամ, որ հայութիւնը եթէ դարերու ձուլումին դէմ տոկաց, պատճառը նաեւ Յովհաննէս Հելվաճեաններուն նման կարգ մը եկեղեցական, մտաւորական ու ազգային նուիրեալներու ներկայութիւնն է մեր շարքերուն մէջ: Թող անոնք անպակաս մնան մեր մէջ, որպէսզի հայը իր մշակոյթով գոյատեւէ աշխարհի երեսին… Վարձքդ կատա՛ր, Յովհաննէս…», Հայր Անդրանիկ Ծ. վրդ. Կռանեան:
«Բոլորովին առանձին թատրոնի սէրն ու կիրքը մղած է բեմադրիչ եւ դերասան Յովհաննէս Հելվաճեանը, որ հիմնէ «Կոմիտաս» թատերախումբը 1977-ին` լիբանանեան կեանքի պատերազմական պայմաններուն մէջ ծառայելու համար հայ բեմին: Լիբանանահայ թատրոնի պատմութիւնը իր էջերուն կ՛արձանագրէ նաեւ անունը Յովհաննէս Հելվաճեանին եւ իր «Կոմիտաս» թատերախումբին», Պ. Սիմոնեան:
«Յովհաննէսը ինքզինք չէ, որ կը սիրէ թատրոնի մէջ, այլ` թատրոնը կը սիրէ իր մէջ: Տարիները դառնալով անցեալ ու կենսագրութիւն, օր մը կը ստիպեն վերլուծել ըրածդ ու չըրածդ` պարտադրելով նորոգուած եռանդով շարժիլ առաջ: Կը մաղթեմ, որ Յովհաննէս Հելվաճեանի ճամբան շարունակուի միայն ու միայն վերելքներու եւ նուաճումներու միջով», Ռոպերթ Առաքելեան:
Բեմադրիչ եւ դերասան Յովհաննէս Հելվաճեան Ուիլիըմ Շէյքսփիրի «Օթելլօ»-ին մասին ըսած է, թէ ան բոլոր ժամանակներուն համար գրուած է եւ երբեք ժամանակավրէպ չէ. այս գործը կը ներկայացնէ, թէ ինչպէ՛ս գագաթնակէտին հասած խանդը կրնայ զոհերու պատճառ դառնալ: Ան աւելցուցած է, թէ չի բաւեր արդար ըլլալ, այլ պէտք է արթուն մնալ` չարին որոգայթներուն մէջ չիյնալու համար:
«Օթելլօ»-ն բեմադրելու միակ պատգամը, ըստ Հելվաճեանի, հետեւեալն է. «Զգուշանալ մանաւանդ մեզի մօտիկ բարեկամներէն: Անոնք բարեկամութեան դիմակին տակ վտանգաւոր թշնամութիւն կրնան ունենալ մեզի հանդէպ: Եթէ օթելլոներ ենք` զգուշանանք եակոներէն»:
Յիշեցնենք, որ Հելվաճեան իր թատերախումբին 15-ամեակը յիշատակած է` բեմադրելով «Օթելլօ»-ն 1992-ին, իսկ յաջորդ տարի` 1993-ին ան բեմադրած է զայն արաբերէնով:


