Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Համաձայն Գտնուեցաւ Լիբանանեան Ջուրերուն Մէջ Գտնուող Նաւթահորերը Պեղելու Եւ Քարիւղ Արտահանելու Աշխատանքին

January 5, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

governement_1417

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ նախագահեց կառավարութեան երրորդ նիստին, որուն ներկայ գտնուեցաւ վարչապետ Սաատ Հարիրի:

Նիստին ընթացքին նախագահ Աուն վարչապետը, նախարարները եւ լիբանանցիները շնորհաւորեց Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով` նշելով, որ Նոր տարուան ուրախութիւնը վերածուեցաւ վիշտի` Պոլիսը հարուածած ահաբեկչական յարձակումին ընթացքին լիբանանցի զոհերու եւ վիրաւորներու արձանագրութեան իրականութեան պատճառով:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ լիբանանցիները դատապարտեցին այդ ահաբեկչութիւնը եւ իրարու նկատմամբ զօրակցութիւն ցուցաբերեցին:

Նախագահ Աուն նշեց, որ նախանցեալ օր վարչապետ Հարիրի լիբանանցիներէն պահանջած է որոշ ժամանակի համար լռութեամբ յարգել լիբանանցի զոհերուն յիշատակը, եւ կոչ ուղղեց ներկաներուն մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու լիբանանցի զոհերուն յիշատակը:

Նախագահ Աուն անդրադարձաւ նաեւ Անկոլայի մէջ լիբանանցի առեւտրական Ամին Պաքրիի սպանութեան թղթածրարին` աւելցնելով, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը հետեւի այդ թղթածրարի ծալքերուն, յատկապէս շրջանառութեան մէջ դրուած այն տեղեկութիւններէն ետք, թէ Պաքրի սպաննուած է իսրայէլեան Մոսատին կողմէ:

Նախագահ Աուն ողջունեց եւ բարձր գնահատեց բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն կողմէ Նոր տարուան գիշերը որդեգրուած ապահովական միջոցառումները, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանել:

Այս առիթով ան շնորհաւորեց պատասխանատու նախարարներն ու պաշտօնատարները: Ան նշեց, որ վարչապետին հետ համադրաբար համաձայնութիւն գոյացուցած են, որ ինք այսօր Պաապտայի մէջ նախագահէ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին ցուցմունքներ եւ թելադրանքներ պիտի տրուին լիբանանեան ապահովական կառոյցներուն:

Ապա խօսք առաւ վարչապետ Հարիրի, որ իր կարգին շնորհաւորեց լիբանանցիները եւ ներկայացուց այն միջոցառումները, որոնք որդեգրուեցան Պոլսոյ մէջ պատահած ահաբեկչական յարձակումէն տուժած լիբանանցիներուն օժանդակելու իմաստով:

«Կառավարութիւնը իր բոլոր կարողութիւններով, վարչութիւններով եւ կառոյցներով գործեց` ծառայելու համար իր քաղաքացիներուն», ըսաւ ան:

Հարիրի առաջարկեց կազմել նախարարական յանձնախումբ մը, որուն մաս կը կազմեն արտաքին եւ ներքին գործոց, ինչպէս նաեւ առողջապահութեան նախարարութիւնները` դիմակայելու համար որեւէ շտապ կացութիւն: Ան դիտել տուաւ, որ նախարարական այդ յանձնախումբը պէտք է հանրապետութեան նախագահին կամ վարչապետին հետ համադրէ իր աշխատանքը:

Հարիրի առաջարկեց նաեւ կազմել տնտեսական հարցերու նախարարական յանձնախումբ մը, որուն մաս կը կազմեն տնտեսութեան, առեւտուրի, ճարտարարուեստի, զբօսաշրջութեան, երկրագործութեան, արտաքին գործոց, հաղորդակցութեան միջոցներու, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու, ինչպէս նաեւ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարութիւնները: «Այդ յանձնախումբին նպատակը պիտի ըլլայ ճշդել տնտեսական ռազմավարութիւն մը», ըսաւ Հարիրի:

Տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի, որ կառավարութեան նիստէն ետք փոխանցած էր վերոնշեալ տեղեկութիւնները, կարդաց նաեւ նախարարաց խորհուրդին կողմէ տրուած որոշումները.

– Կառավարութիւնը համաձայն գտնուեցաւ լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող նաւթահորերու բաժանումին, եւ զանոնք պեղելու ու քարիւղ արտահանելու աշխատանքին: (Օրակարգի այս կէտին շուրջ իրենց մերժումը յայտնեցին նախարարներ Մարուան Համատէ եւ Այման Շքէյր):

– Հարիրիի գլխաւորութեամբ կազմել նախարարական յանձնախումբ մը, որուն մաս կը կազմեն ելեւմուտքի եւ ուժանիւթի հարցերու նախարարութիւնները: Յանձնախումբին պարտականութիւնը պիտի ըլլայ սերտել քարիւղի մարզին վերաբերող հարկային օրէնքներն ու կանոնները:

– Հարիրիի գլխաւորութեամբ կազմել նախարարական յանձնախումբ մը, որուն մաս կը կազմեն ելեւմուտքի, ուժանիւթի եւ ծրագրաւորումի հարցերու նախարարութիւնները: Յանձնախումբին պարտականութիւնը պիտի ըլլայ սերտել Լիբանանի տարածքին գտնուող քարիւղի աղբիւրներուն վերաբերող օրէնքները:

– Հարիրիի գլխաւորութեամբ կազմել նախարարական յանձնախումբ մը, որուն մաս կը կազմեն ելեւմուտքի, ներքին գործոց, արդարութեան եւ տնտեսութեան նախարարութիւնները: Յանձնախումբին պարտականութիւնը պիտի ըլլայ սերտել ինքնաշարժներու մեքանիզմի ստուգման ընկերութիւններու նուազուրդի եւ կեդրոններու բարգաւաճման ու բանեցման ծրագիրները:

– Լիբանանեան քաղաքացիութիւն վերստանալու հարցով յատուկ յանձնախումբի աշխատավարձի ճշդում:

– Իմատ Քրայտիէ նշանակուեցաւ «Օժերօ»-ի ընդհանուր տնօրէն:

– Պասել Այուպի նշանակուեցաւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութեան ներդրումի եւ նորոգութեան բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէն:

– Կառավարութիւնը համաձայն գտնուեցաւ Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերու տնօրէնութեան աշխատանքներու կազմակերպումին:

Նշենք, որ նախքան կառավարութեան նիստը, նախագահ Աունի եւ վարչապետ Հարիրիի միջեւ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը:

Նախորդը

Պըրրի. «Համամասնական Ընտրական Օրէնքը Հիմնական Է` Ուղղուելու Դէպի Արդի Պետութիւն»

Յաջորդը

Շփման Գիծին Մէջ Հակառակորդը Արձակած Է Աւելի Քան 700 Կրակոց

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Կառչած  Կը Մնայ ՖԻՆԻՒԼ-ի Պահպանման»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ ՖԻՆԻՒԼ-ի Պահպանման»

October 15, 2026
Քաց. «Ոեւէ Իրանցի Ղեկավար, Որ Կը Փորձէ  Իսրայէլը Քանդելու Ծրագիր  Յառաջ Մղել, Պիտի Ոչնչացուի»
Լիբանանեան

Քաց. «Պէյրութի Հարաւային Արուարձանները Դատարկման Պիտի Ենթարկուին, Եթէ Հըզպալլան Իսրայէլի Վրայ Իրանի Յարձակումին Միանայ»

October 15, 2026
Երեսփոխանական Պատուիրակութիւն Մը  ՖԻՆԻՒԼ-ի Պահպանման Յուշագիրը  Ներկայացուց Սալամին
Լիբանանեան

Երեսփոխանական Պատուիրակութիւն Մը ՖԻՆԻՒԼ-ի Պահպանման Յուշագիրը Ներկայացուց Սալամին

October 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.