
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր յայտնած է, որ Սուրիոյ մէջ զինադադարը, որուն մասին համաձայնութիւն ձեռք բերուած է Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ բանակցութիւններուն ընթացքին, դրական զարգացում է` աւելցնելով, որ իր երկիրը կը յուսայ, որ զինադադարը գործադրուի լիարժէքօրէն:
«Բռնութիւնը դադրեցնելու, կեանքեր փրկելու, արդիւնաւէտ քաղաքական երկխօսութիւն վերսկսելու որեւէ փորձ ողջունելի է: Մենք յոյս ունինք, որ կողմերը զայն պիտի կատարեն լիարժէքօրէն», ըսած է Թոնըր:


