Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժիրայր Յովսէփեանին Հրաժեշտ

December 28, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

jirayrhovsepian_122816Երեքշաբթի երեկոյ, երբ արդէն չորեքշաբթին սկսած էր Փարիզ, հեռաձայնեցին Նիւ Եորք` գուժելու համար Ժիրայր Յովսէփեանին (մեր բոլորին սիրելի Ժիրոյի) մահը:

Բժշկապետ Ժերար Յովսէփեան իր մօտիկներուն համար միշտ մնաց պարզ եւ սիրելի Ժիրօ: Ազնիւ հայ մը եւ ազնիւ ընկեր մը: Ազնուականի խառնուածք մը: Ազնուական` ոչ բառին դասակարգային իմաստով, այլ` հոգեկան:

Լուռ յանձնառութեամբ հայ մըն էր Ժիրայր Յովսէփեան, հաւատարիմ` իր ընտանեկան դաստիարակութեան, ուր կար ազգային խորքով աւանդութիւն: Այդպէս էր իր հայրը` Հալէպի հայ ճեմարանի խնամակալ, ազգային իրաւունքներու եւ կալուածներու աւանդապահ Սեդրակ Յովսէփեանը: Հին օրերու Հալէպի հայութեան զարգացման եւ ամրացման աւագներէն: Ժիրոն այդ մթնոլորտին մէջ ծնած եւ հասակ առած էր, այդ ազդեցութիւնը միշտ պահած էր, որ զինք տեւաբար կը մղէր սիրելու եւ ծառայելու:

1956-ի պատերազմին պատճառով, երբ կը հրկիզուէր եւ կը փակուէր Հալէպի ֆրանսական լիսէն, ուր աւարտական դասարանի աշակերտ էինք, Ժիրոն կը փոխադրուէր Պէյրութ` իր ուսումը շարունակելու, ուր մաս կազմեց Զաւարեան ուսանողական միութեան: Ուսումը ստացաւ Լիբանանի բժշկական համալսարանին մէջ, ապա` Փարիզ:

Հոգեբուժ Ժիրայր Յովսէփեան ծանօթ էր Ֆրանսայի մասնագիտական շրջանակներուն մէջ: Լռակեաց մը: Չէր խօսեր իր ասպարէզին եւ յաջողութեան մասին, քիչեր միայն գիտէին, որ պատասխանատու պաշտօններ ունէր Ֆրանսայի առողջապահական պետական կառոյցներուն մէջ: Յաճախ զեկուցումներ կարդացած էր համալսարանականներու առջեւ: Օրինակ, մասնակցած է հոգեբուժական-հոգեվերլուծական հաւաքական աշխատանքներու, «հոգեկան խոց»-ի մասին, traumatisme psychique, որ լոյս տեսած է հոգեվերլուծական մասնագիտական հրատարակութեան մը մէջ: Մասնագիտական դասախօսութիւններ կարդացած է Ֆրանսա եւ Զուիցերիա:

Ֆրանսայի Հայ բժիշկներու միութիւնը, իր կարգին, զինք հրաւիրած էր խօսելու խիստ հետաքրքրական նիւթի մը մասին, Interdits et tabous alimentaires, որուն հայերէն տարբերակը լոյս տեսաւ գրական հանդէս «Բագին»-ի մէջ:

Ժիրայր Յովսէփեան, ընդառաջելով Լիբանանի Ազգային առաջնորդարանի կոչին, հայկական դպրոցներու սաներուն կրթաթոշակ յատկացուց` առանց ակնկալելու, որ իր անունը յիշուի մամուլի էջերուն մէջ: Ինչպէս շատերու համար, եկեղեցին իրեն համար ազգային պատկանելիութիւն էր: Ան նաեւ կարգ մը հայերէն գիրքերու մեկենասութիւնը ըրաւ, միշտ ինքնիրեն հաւատարիմ` անաղմուկ առաքինութեամբ: Իրեն համար օգտակար եւ դրական աշխատանքն էր կարեւոր:

Մեր յաճախակի հանդիպումներու ընթացքին խորապէս կը մտահոգուէր համայնքի, եկեղեցիի, ընդհանրապէս հայութեան եւ Հայաստանի հարցերով: Գիտէր զօրավիգ կանգնիլ ընդհանրապէս անարդարուածին եւ հայ կեանքի մէջ անարդարուածին:

Իր կեանքի ընկերուհին` Կրասիան, միշտ բաժնեկից եղած է Ժիրոյի սէրերուն: Երկուքն ալ անխարդախ սիրոյ եւ բարեկամութեան տիպար եղան:

Ժիրայր Յովսէփեանի անհետացումը ոչ միայն ընտանիքի անդամներու հոգիները, այլ նաեւ զինք ճանչցողներու, բարեկամներու, ընկերներու հոգիները կը խոցէ:

Ֆրանսացի իմաստասէր Օկիւսթ Քոնթ կ’ըսէր, որ անմահութիւնը այն տեւող յիշատակն է, որ կը մնայ ապրողներու հոգիներուն մէջ, ընտանիքի, նաեւ ընկերներու, Ֆրանսա եւ այլուր: Եւ այդ յիշատակը վառ պիտի մնայ բոլոր անոնց հոգիներուն մէջ, որոնք զինք ճանչցան եւ վայելեցին իր անսակարկ բարեկամութիւնը:

Հակառակ իր ասպարէզին մէջ ունեցած յաջողութեան` չտարուեցաւ սնափառութիւններով, մնաց առաքինի մարդ մը, որ հայութեան սէրը ժառանգած եւ վառ պահած էր: Կեանքի իմաստութիւն կտակելով` կը բաժնուի մեզմէ:

Հոս տեղին է կրկնել գրաբար խօսքը. «Յիշատակն արդարոց օրհնեալ եղիցի»:

Այս խօսքերը` ընկերոջ մը, եւ կը հաւատամ, որ զինք ճանչցողներու սրտի տուրքն են Ժիրոյի յիշատակին:

6 դեկտեմբեր 2016, Քուինզ, Նիւ Եորք

 

 

 

Նախորդը

«Թուալեթ»

Յաջորդը

Կաթողիկէ Ս. Ծննդեան Տօնի Պատգամին Մէջ. «Քրիստոս Միակ Լոյսն Է, Որ Կրնայ Լուսաւորել Մարդուն Ուղին Եւ Իմաստաւորել Անոր Գոյութիւնը» Ըսաւ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.