Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լեռնային Ղարաբաղի 2017-ի Պետական Պիւտճէն Ընդունուեցաւ. Ծախսերը Աւելցած Են 185 Միլիոն Դրամով

December 23, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

aj-karabagh_122216

Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովը 22 դեկտեմբերի իր նիստին խորհրդարանին ներկայացուցած է «Լեռնային Ղարաբաղի 2017-ի պետական պիւտճէի մասին» օրէնքի նախագիծը: Լեռնային Ղարաբաղի ելեւմուտքի նախարար Սպարտակ Թեւոսեան նշած է, որ նախորդ լիագումար նիստէն ետք կառավարութեան ներկայացուած է 26 հարց` 2 խմբակցութեան եւ մէկ պատգամաւորի կողմէ:

Այդ հարցերէն 20-ը կրկնուող են, որոնց վերաբերեալ կառավարութիւնը իր տեսակէտը չէ փոխած, իսկ միւս հարցերուն տուած է գրաւոր պատասխան եւ ուղարկած Ազգային ժողով: Ներկայացուած են նաեւ այն փոփոխութիւնները, որոնք կատարուած են պիւտճէի նախնական տարբերակին մէջ:

Նախարարին համաձայն, առաջարկներուն իբրեւ արդիւնք փոփոխութեան ենթարկուած են քաղաքացիական պաշտպանութեան, հասարակական կարգի պահպանութեան, առողջապահութեան վերաբերող յօդուածները: Այսպիսով, բոլոր փոփոխութիւններուն լոյսին տակ պիւտճէին մէջ ծախսերը աւելցած են 185 միլիոն 244.000 դրամով եւ 2017-ի պետական պիւտճէի ընդհանուր գումարը կազմած է 94 միլիառ 432 միլիոն դրամ:

Խորհրդարանը քուէարկութեամբ որոշած է պետական պիւտճէին զուգահեռ «Պետական պաշտօններ զբաղեցնող անձերու  վարձատրութեան մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարել, «Հարկերու մասին» օրէնքը համալրել, «Եկամտային հարկի մասին», «Հաստատագրուած վճարներու մասին», «Արտօնագրային վճարներու  մասին» օրէնքները փոխելու եւ լրացնելու, ինչպէս նաեւ երկրորդ ընթերցմամբ «Հարկային եւ այլ պարտադիր վճարներու գծով արտօնութիւններ սահմանելու մասին», «Արտօնագրման մասին»  օրէնքները համալրել եւ «Դատական ակտերու հարկադիր կատարման մասին» օրէնքին մէջ լրացումներ կատարել:

Ապա  27 թեր, 3 դէմ ձայներով ընդունուած է «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան 2017 թուականի պետական պիւտճէի մասին» օրէնքը: Երկրորդ ընթերցանութեամբ խորհրդարանը ընդունած է «Գիւղատնտեսական համագործակցականներու մասին» Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան օրէնքը:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան 2016-ի համախմբուած պիւտճէն կազմած է` եկամուտներու բաժինով 86 միլիոն 185,500 դրամ (առանց միջպիւտճէական փոխանցումներէն ստացուող մուտքերու), ներառեալ` Հայաստանէն ստացուող միջպետական վարկի գումարը, ծախսերու բաժինով` 88.946,8 միլիոն դրամ (առանց միջպիւտճէական փոխանցումներու), տարբերութիւնը` 2.761,3 միլիոն դրամ:

 

Նախորդը

«Լեռնային Ղարաբաղը Դժուար Թէ Վերադառնայ Ազրպէյճանի Կազմ» Կ՛ըսէ Զատուլին

Յաջորդը

Հաստատուեցաւ Ռազմավարական Ծրագիրներու Կեդրոնի Ու Հիմնադրամի Ստեղծման Նախագիծը

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.