Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հալէպահայութիւնը «Յարատեւ Յանձնառութեամբ» Նշեց ՀՅԴ 126-Ամեակը

December 19, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

haleb_120916

Տագնապահար, բայց պայքարունակ հալէպահայութիւնը «Յարատեւ յանձնառութեամբ» կարգախօսով եւ կուռ շարքերով նշեց ՀՅԴ 126-ամեակը: Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 9 դեկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Գ. Եսայեան» սրահին մէջ:

Հանդիսականները տօնակատարութեան բացումը կատարեցին մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելով յիշատակը հայ ազատագրական պայքարի ճամբուն վրայ իրենց ազնուագոյնը նուիրաբերած նահատակներուն, ազատազրկուած մարտիկներուն, անձնուիրութեամբ ծառայած եւ մեր կեանքէն առյաւէտ հեռացած նուիրեալներուն, ինչպէս նաեւ` Սուրիոյ նահատակներուն: Այնուհետեւ հնչեցին Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգները:

Հայերէն բացման խօսքով Հուրի Տէրտէրեան-Տիլպերեան ըսաւ. «ՀԵՄ-ի հրաւէրով հերթականօրէն համախմբուած ենք տօնախմբելու հայակերտումի եւ հայրենակերտումի դրօշակիր կազմակերպութեան հաստատակամ երթի տարեթուային նոր փուլը: Ինքնազննումի ներհայեցողութեամբ արժեւորելու իրագործումները եւ հաստատակամ, վերանորոգ ուխտով բանալու նոր հորիզոններ»:

Արաբերէն բացման խօսք արտասանեց Արա Մութաֆեան` նշելով, որ Արարատի թոռները, հայոց արծիւները համախմբուած են սուրիական հողին վրայ` Սուրիոյ հետ արձանագրելու յաղթանակի այբբենարանն ու դիմադրութեան դիւցազներգութիւնը, աւելցնելով, որ հայ եւ արաբ ազգերը տարիներ շարունակ նուիրուած են իրենց արդար դատին ու առաջնահերթ համարած` ազգային գաղափարախօսութիւնն ու սկզբունքները:

haleb1_120916

Ապա ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբը` խմբավարութեամբ Գայեանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ռուզան Պարսումեանի:

Պեթի Քիլերճեան Սիամանթոյէն եւ Աւետիս Ահարոնեանէն բանաստեղծութիւններ  ասմունքեց:

Օրուան բանախօսն էր ազգային գործիչ Գրիգոր Տունկեան:

Ան Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան օրուան առիթով հայատրոփ Հալէպ քաղաքի մէջ եղած համախմբումը Դաշնակցութեան գործով խարսխուած յարատեւ յանձնառութիւն արժէքին նուիրականացումը համարեց: Արժէք, որ կու գայ մեր ժողովուրդի փառահեղ պատմութենէն, ներկայ է նուիրական գործով, ուղենշումն է ապագայի:

Ապա ներկայացուց ՀՅԴ-ի 126-ամեայ ուղին` նշելով, որ Դաշնակցութեան յենարանն ու ուժը սեփական ժողովուրդն է ու անոր կազմակերպուածութիւնը, իսկ նուաճելի հորիզոնը տնտեսապէս բարգաւաճ, ընկերային արդարութեան վրայ յենած եւ ժողովրդավար կարգերով օժտուած Հայաստանի կերտումն է:

Այնուհետեւ բանախօսը անդրադարձաւ Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութեան կարեւորութեան` դիտել տալով, որ Հայաստանն ու սփիւռքը եղած են սուրիահայութեան կողքին եւ փոխադարձաբար:

Տունկեան, պարզելով աշխարհաքաղաքական ներկայ իրավիճակը, հանգամանօրէն անդրադարձաւ սուրիահայութեան տագնապին, անոր ընթացքին յառաջացած բազում կացութիւններուն եւ այդ կացութիւններուն վերաբերող առաջնահերթ որոշումներուն:

Ապա զանազան մօտեցումներու առնչուող հարցադրումներ ներկայացնելէ ետք, շեշտեց. «Մենք, նման անտառի ծառերուն, որոնք փոթորիկներուն դէմ կը դնեն ո՛չ թէ իրենց ճիւղերը երկարելով, այլ` իրենց արմատները հողին մէջ խորասուզելով, որոշեցինք ծառանալ, մնալ իրատես` միշտ ուղենիշ ունենալով մեր սեփական առաջադրանքները եւ, որպէս հայութիւն, յարգելով ժողովուրդի բազմերանգ տրամադրութիւնը, ձեռքէ չհանելով ոչ մէկ հնարաւորութիւն: Պահել հայն ու ազգայինը, ա՛յս եղաւ տագնապի հետ վերաբերելու մեր ընդհանուր գործին ուրուագիծը»:

Անդրադառնալով սուրիահայութեան գալիքին` ան դիտել տուաւ, որ կառչած պէտք է մնալ հողին եւ ցեղին ձայնին` աւելցնելով, որ յոյսը պէտք չէ կորսնցնել:

Ըստ անոր, Սուրիա-Հայաստան յարաբերութիւններու շրջագիծին մէջ դրական հորիզոններ կը գծագրուին:

«Հակառակ տագնապալի շուրջ վեց տարիներուն, ծանր հետեւանքներու բարեշրջումի դժուարութիւններուն դիմաց չխոնարհուող կամքով` այստեղ է Դաշնակցութիւնը: Կազմակերպ են ու պիտի մնան մեր բոլոր կառոյցները, ուղեկից միութիւնները, հաստատութիւնները: Վերականգնումի եւ վերանորոգումի գործը յառաջ պիտի տանինք համազգային միասնութեամբ», հաստատեց Տունկեան:

Այնուհետեւ Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական դպրոցէն Բալիկ Առաքելեան (դաշնամուր), Մանուէլ Աշըքեան (ջութակ) ներկաներուն սրտերը յուզումնախառն ապրումներով համակեցին` ներկայացնելով «Ախպերս ու ես» երգը:

Հանդիսավարներ Ծերուն Գահուէճեան եւ Սեւան Ուրիշիկեան կարդացին այս առիթով զանազան միութիւններէ ուղղուած շնորհաւորագրերը:

Հուսկ, սրբազան հայրը գնահատանքի, օրհնութեան եւ շնորհաւորական խօսքերով ողջունեց ներկաները: Ան յատկապէս շնորհաւորեց ՀՅԴ-ի մարտագրուած ուխտաւորները, որոնք մեր սուրիահայութեան ծառայելու համար ներկայ են այստեղ:

Շահան եպս. Սարգիսեան բանախօսին պատգամին եւ ՀՅԴ «Մանիֆեստ»-ին միջեւ նմանութիւններ ուրուագծելէ ետք հաստատեց, որ այսօր «Յարատեւ յանձնառութիւն» կարգախօսը պատահականօրէն չէ ընտրուած: Յանձնառութիւն` կը նշանակէ պարտաւորութիւն, պատասխանատուութիւն, իսկ Սուրիոյ մէջ այս օրերուն նմանօրինակ գիտակցութեամբ օժտուած երիտասարդներ կը զոհաբերեն իրենց ամենաթանկը` կեանքը, յանուն մեր ժողովուրդին, յանուն մեր հաւաքական տեսլականին:

Տօնախմբութիւնը փակուեցաւ ՀՅԴ քայլերգով ու բացուած յայտարարուեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 127-րդ տարին` յաղթարշաւը շարունակելու հաստատակամութեամբ եւ յարատեւ յանձնառութեամբ:

Տօնակատարութիւնը սփռուեցաւ «Ռատիօ Երազ»-ին կողմէ:

Նախորդը

ՀՅ Դաշնակցութեան 126-Ամեակը Կիպրոսի Մէջ

Յաջորդը

Թուրքն Արդէն Քաղաք Է Հասել

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.