
Ֆութպոլի ցուցադրական մրցումի մը ընթացքին, Պարսելոնա նախանցեալ օր Քաթարի մէջ մրցում մը կատարեց Ահլի Ժետտայի հետ` 5-3 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով:
Սակայն մրցումէն աւելի յատկանշական եղաւ Պարսելոնայի արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսիի եւ աֆղան 6 տարեկան տղեկ Մուրթազա Ահմատիի հանդիպումը:
Մուրթազայի լուսանկարը, որուն մէջ ան աղբի տոպրակով հագած էր մարզաշապիկի նմանողութեամբ ժիլէ մը` վրան Մեսսի գրուած, այս տարի մեծ տարածում գտաւ:
Նշենք, որ նախապէս «Պի. Պի. Սի.»-ն ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի օգնութեան շնորհիւ յայտնաբերեց այս տղեկը եւ Մեսսիի ստորագրութեամբ անոր նուիրեց յատուկ մարզաշապիկ մը:
Աֆղան տղեկը երկու խումբերուն հետ միասին դաշտ մուտք գործեց եւ մնաց Մեսսիի մօտ, ապա ուղղուեցաւ դաշտէն դուրս, ուրկէ չէր ուզեր հեռանալ:


