
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ զարմանք յայտնեց կառավարութեան կազմութեան ձգձգման գծով, մանաւանդ որ անիկա կը նախատեսուէր երկուշաբթի օրուան «դասաւորումէն ետք»: Չորեքշաբթի օրուան խորհրդարանական հերթական հանդիպումներուն ընթացքին Պըրրիի վերագրուած յայտարարութիւններուն ծիրին մէջ նշուեցաւ, որ կառավարութեան կազմը 99 առ հարիւր պատրաստ է, եւ կողմերը բաւարարուած են իրենց վերապահուած բաժիններով:
Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախագահը երէկ վերահաստատեց 1960-ի օրէնքին դէմ իր ընդդիմութիւնը: Նման օրէնքի մը որդեգրումը կը նմանի «մեռեալը ծեծելու» անյոյս քայլի մը: Ան իր համախոհութիւնը յայտնեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կեցուածքին, յատկապէս ընտրական օրէնքին գծով: Ամալ շարժումը համակարծիք է Ազգային ազատ հոսանքի ընտրանքին` համամասնական օրէնքը 1 կամ 13 շրջաններու մէջ իրագործելու առնչութեամբ» հաստատեց Պըրրի:


