Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի Այցելութիւնը ՀՄԸՄ-ի Կեդրոն

December 9, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

tesban-hmem_120816

Երէկ, յետմիջօրէին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան այցելեց ՀՄԸՄ-ի կեդրոն, ուր ընդունուեցաւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանի, Կեդրոնական վարչութեան անդամ Րաֆֆի Կէօվօղլանեանի եւ «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի խմբագիր Վիգէն Աւագեանի կողմէ:

Դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան ՀՄԸՄ-ի կեդրոն իր անդրանիկ այցելութեամբ մօտէն ծանօթացաւ ՀՄԸՄ-ի համահայկական կառոյցը գլխաւորող Կեդրոնական վարչութեան աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն: Այս առիթով, Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան դեսպանին ներկայացուց ՀՄԸՄ-ի աշխարհասփիւռ 107 մասնաճիւղերուն գործունէութիւնը: Ան յատուկ շեշտադրումով անդրադարձաւ ՀՄԸՄ-ի Հայաստանի մէջ ծաւալած գործունէութեան, իբրեւ Հայաստանի Ազգային սկաուտական կազմակերպութիւն (ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ): Մկրտիչեան խօսեցաւ նաեւ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի ծրագիրներուն` համաՀՄԸՄ-ական մարզախաղերուն, բանակումին, Հայաստանի մէջ ծրագրուած ձեռնարկներուն եւ հրատարակչական տարբեր նախաձեռնութիւններուն մասին:

Իր կարգին, դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան գնահատանքով արտայայտուեցաւ ՀՄԸՄ-ի գործունէութեան մասին, իբրեւ սերնդակերտ եւ հայակերտ կազմակերպութիւն, որ օրէ օր կը ծաւալի եւ կը տարածուի ամէնուրեք: Ան դրուատիքով անդրադարձաւ միութեան Հայաստանի մէջ ծաւալած աշխատանքներուն մասին, որոնք կը նպաստեն նորահաս սերունդներու առողջ դաստիարակութեան:

Այցելութեան աւարտին, դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան ծանօթացաւ ՀՄԸՄ-ի թանգարանին եւ «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի 35 տարուան թիւերուն: Այս առիթով, Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան դեսպանին նուիրեց նորոգ հանգուցեալ Բիւզանդ Թորիկեանի «Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան պատմութիւն» շարքին չորս հատորները:

Նախորդը

«Ցեղասպանութիւն» Բառը

Յաջորդը

Ֆրիտիոֆ Նանսենի Ծննդեան 155-Ամեակին Նուիրուած Յուշ-Երեկոյ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.