Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Քննարկեց Ժահժահի Հետ

December 8, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

aoun_geagea_120716

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահը, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող քաղաքական, ընկերային թէ բարգաւաճման շարք մը հարցեր, կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց ազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը, որ կ՛երաշխաւորէ լիբանանեան ներքին կայունութիւնը խախտելու ամէն տեսակի փորձի ձախողութիւն:

Նախագահ Աուն յայտնեց, որ բոլոր քաղաքացիները պէտք է գործակցին լիբանանեան պետութեան եւ հաստատութիւններուն հետ, որպէսզի կարենան լուծել գոյութիւն ունեցող հարցերը եւ պայքարին փտածութեան դէմ:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ լիբանանեան պետութեան կերտումը իւրաքանչիւր լիբանանցիի պարտականութիւնն է եւ այդ աշխատանքը պէտք է ներառէ բոլորը, առանց բացառութեան:

Իր կարգին, Ժահժահ նշեց, որ աւելի քան երկուքուկէս տարուան նախագահական աթոռի թափուր դրութենէն ետք, նախագահական պալատին վերադարձած է անոր կեանքը:

Ժահժահ շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան առումով ինք լաւատես է` աւելցնելով, որ անոր ծնունդը կարելի պիտի ըլլայ յայտարարել նախքան տօները:

Ժահժահ շեշտեց, որ իրենք տակաւին կը խօսին 24 նախարարէ բաղկացած կառավարական կազմի մը մասին` մաղթելով, որ կառավարութեան կազմութեան խոչընդոտները կարելի ըլլայ հարթել ամէնէն մօտիկ ապագային:

Ան յոյս յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ Լիբանանեան ուժերուն գոյացուցած համաձայնութիւնը, որ ընդարձակուած է մինչեւ Մուսթաքպալ հոսանք, հասնի նաեւ Այն Թինէ, իր ճամբան շարունակելով դէպի Հարաւային արուարձաններ, որովհետեւ ոչ ոքի եւ ոչ մէկ քաղաքական կողմի դէմ վեթօ գոյութիւն ունի:

Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ Սուրիոյ միւֆթի շէյխ Ահմետ Պատրէտտին Հասսունը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալիի:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ալեն Հաքիմ, նախկին նախարար Մոհամետ Սաֆատի եւ Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար Ֆուատ Մախզումի:

 

Նախորդը

Պըրրի Կոչ Ուղղեց Մշակելու Ընտրական Նոր Օրէնք Մը

Յաջորդը

«Ֆրանս Ֆութպոլ»-ի Մրցանակ. Տիտղոսակիրին Անունը Յայտնի Կը Դառնայ 12 Դեկտեմբերին

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.