Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փայլան Թուրքիոյ Փոխվարչապետէն Բացատրութիւն Կը Պահանջէ Անոր` «Կեաւուր» Արտայայտութեան Գծով

December 8, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

paylan_120716

«Արմէնփրէս» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան 6 դեկտեմբերին բացատրութիւն պահանջեց Թուրքիոյ փոխվարչապետ Նուման Քուրթուլմուշէն, անոր ունեցած «կեաւուր» արտայայտութեան համար:

Արդարեւ, թրքական «Ճումհուրիյէթ» թերթը կը հաղորդէ, որ Քուրթուլմուշ Քասթամոնու քաղաքին մէջ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամներուն հետ 5 դեկտեմբերին ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին ըսած էր. «Մենք պէտք է լուրջ վերաբերինք անկախութեան այս հարցին հետ: Մեզի համար անկախութիւնը կեաւուրին կեաւո՛ւր ըսելով` անոր առջեւ վեր խոյանալ կարենալն է»:

Փոխվարչապետին սոյն յայտարարութիւնը մեծ հակազդեցութեան արժանացած է Թուրքիոյ հայկական, յունական եւ ասորական համայնքներու շարք մը ներկայացուցիչներուն եւ յատկապէս երիտասարդութեան կողմէ: Թուրքիոյ հայ, յոյն եւ ասորի համայնքներէն բազմաթիւ քաղաքացիներ, այդ յայտարարութենէն ետք, համացանցային ընկերային ցանցերու վրայ ստեղծած են` «Ինչ երջանիկ է ան, որ կ՛ըսէ` կեաւո՛ւր եմ» անունով էջը, ի պատասխան` «Ինչ երջանիկ է ան, որ կ՛ըսէ` թո՛ւրք եմ» նախադասութեան, զոր արտասանել կը պարտադրուի նաեւ Պոլսոյ հայկական, յունական եւ այլ փոքրամասնութեանց դպրոցներու աշակերտներուն:

«Կեաւուր» բառը թուրքերուն կողմէ ոչ իսլամ ժողովուրդները անուանելու տարբերակ մըն է, որ կը կրէ արհամարհական կամ ստորնացուցիչ իմաստ: Բառը բառացիօրէն կը նշանակէ` «անհաւատ»:

Փայլան փոխվարչապետին հետեւեալ հարցադրումները ուղղեց.

– «Չէ՞ք կարծեր, որ նուաստացուցած էք քրիստոնէական համայնքը, որուն անդամներէն մէկն եմ ես, նաեւ` Թուրքիոյ ոչ իսլամ ժողովուրդները, գործածելով «կեաւուր» բառը, որ թրքական լեզուագիտական ընկերութեան համաձայն` կը նշանակէ «անկրօն» կամ «ոչ իսլամ անձ»: Լեզուաբան Սեւան Նշանեանի բառարանին համաձայն, անիկա կ՛օգտագործուի նուաստացնելու համար ուրիշը:

– Ի՞նչ կը կարծէք` ձեր խօսքը կարելի չէ՞ նկատել ատելութեան խօսք, մանաւանդ այն պարագային, երբ ընդունուած է, որ անիկա կը նշանակէ` «որեւէ խումբ կամ անձ` ցեղային, սեռային, տարիքային, ազգային, կրօնական պատկանելիութեան կամ սեռային հակում ունենալու պատճառով ստորնացնել կամ սպառնալից լեզուով խօսիլը անոր հետ»:

– Նկատի ունենալով այն, որ նմանօրինակ արտայայտութիւնները կը վերածուին ատելութեան յանցագործութիւններու, կը կարծէ՞ք, որ ձեր ելոյթը պատճառ կրնայ դառնալ ատելութեան հողի վրայ գործուած յանցագործութիւններու»:

 

Նախորդը

Պրիւքսէլի Մէջ Մամլոյ Ասուլիս` Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանին Մօտ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Բացած Դատին Առիթով

Յաջորդը

Այսօր Համպուրկի Մէջ Քերրի-Լաւրով Հանդիպում

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական  Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի  Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

October 30, 2026
Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի
Գլխաւոր լուրեր

Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի

October 30, 2026
Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է  Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել
Գլխաւոր լուրեր

Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.