Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Իրանի Գաղութին Նօսրացման Պարագային Դժուար Է Քաղաքական Կշիռը Պահելը, Բայց Գերմարդկային Ճիգ Ի Գործ Կը Դնենք». Կարէն Խանլարեան

December 7, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

karen-khanlarian_120716

Իրանի խորհրդարանի հայ երեսփոխան Կարէն Խանլարեան «Թերթ»-ի թղթակից Հռիփսիմէ Յովհաննիսի հետ զրուցած է եւ հաստատած, որ Իրանի նախագահական ընտրութիւններէն եւ թեկնածուներէն իրանահայութեան ակնկալութիւնները մնացած են նոյնը` Ցեղասպանութեան ճանաչում եւ դատապարտում:

Ան դիտել տուած է, որ կը խուսափին Ղարաբաղի տագնապի հարցը Իրանի մէջ բարձրացնելէ:

«Որովհետեւ, եթէ այդ մասին խօսիս, կարելիութիւն ու առիթ կը ստեղծես Ազրպէյճանին համար: Եթէ մենք պահանջները ներկայացնենք, ապա իրենք ալ պիտի սկսին խօսիլ: Աւելի ճիշդ է, երբ դուն հակառակորդին հնարաւորութիւն չես տար»:

Անդրադառնալով այն դիտարկման, թէ նախորդ նախագահական ընտրութիւններուն եւս հայ գաղութը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու ընդունումը կը պահանջէր Իրանի ընտրուելիք նախագահէն, իսկ այսօր ի՞նչ փոփոխութիւն կայ արդէն ընտրուած Հասան Ռուհանիի վերաբերումին մէջ` Կարէն Խանլարեան ըսած է. «Ռուհանիի քաղաքականութեան մէջ ոչինչ փոխուած է: Նախկին ձեռքբերումները աւելի շատ եղած են, օրինակ` նախագահ Մոհամետ Խաթամիի Ծիծեռնակաբերդ այցելութիւնը, ինչպէս նաեւ Մահմուտ Ահմատինէժատի օգնականին յայտարարութիւնը, թէ օսմանեան կայսրութիւնը 100 տարի առաջ հայերուն նկատմամբ կոտորած գործած է: Իսկ Ռուհանիի պարագային ոչ մէկ արձագանգ կայ: Ներկայիս չենք գիտեր, թէ Հայաստան այցելութեան ընթացքին Ծիծեռնակաբերդ պիտի այցելէ՞ մինչեւ այսօր ոչ մէկ արձագանգ կայ այս գծով», յայտնած է Կ. Խանլարեան:

Իրանահայ երեսփոխանը հայկական հարցին նկատմամբ Հասան Ռուհանիի լռութիւնը կը բացատրէ անով, թէ յարմար պահ չէ եղած:

Լրագրողը դիտել տուած է, թէ իրանահայութիւնը կը նօսրանայ, կրնա՞յ ըլլալ, որ քաղաքական կեանքին մէջ գաղութին ազդեցութիւնն ալ կորսուի: Կարէն Խանլարեան այս մասին ըսած է. «Գաղութը կը նօսրանայ, այո՛, բայց հայերու քաղաքական կշիռն ու նշանակութիւնը չի նուազիր. խորհրդարանին մէջ կայ երկու հայ պատգամաւոր, որոնք իրենց քաղաքական գործունէութիւնը կը կատարեն, գերաշխուժութիւնը կը պահեն Հայոց ցեղասպանութեան, նաեւ Ղարաբաղի հարցով: Գաղութի թիւի անկման պարագային դժուար է քաղաքական կշիռը պահելը, բայց մենք գերմարդկային ճիգ ի գործ կը դնենք այս գծով»:

Ան նշած է, որ այդ ճիգերը կ՛ազդեն թէ՛ Հայաստան-Իրան յարաբերութիւներու զարգացման եւ թէ գաղութի հայկական դիմագիծի պահպանման վրայ:

Նախորդը

Ո՜ւր Կ՛երթայ Սփիւռքը

Յաջորդը

Իմ Մոլորուած Ու Վիրաւոր Կռունկ

RelatedPosts

Աշունը Գլուխը Երկարեց
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.