Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ո՜ւր Կ՛երթայ Սփիւռքը

December 7, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Հայկական սփիւռքը միաձոյլ եւ մէկ ամբողջութիւն չէ եղած եւ չի կրնար ըլլալ: Ենթակայ ըլլալով տուեալ երկրի շրջապատէն պարտադրուած իրավիճակներու` սփիւռքի իւրաքանչիւր գաղթօճախ զարգացուցած է իր սեփական նկարագրային եւ ոճային յատկութիւնները: Այս կացութիւնը, անշուշտ, արդիւնք է բնական հոլովոյթի, որ անխուսափելի է որեւէ հայկական գաղութի պարագային:

Սակայն իր նպատակային կեցութեան մէջ հայկական սփիւռքը զարգացուցած է միաձոյլ եւ մէկ ամբողջութիւն կազմող օրկանական գոյութիւն: Այդ նպատակային կեցութեան հենքը կը հանդիսանայ գաղափարական առաջադրանքներու դրութիւն մը, որուն բաղադրիչ յենարանները եղած են` հայեցի ինքնութեան պահպանումը, մեր ժողովուրդի ապահովութիւնը եւ սեփական անկախ հայրենիքի իրագործումը: Այս բաղադրիչ յենարանները իրենց լաւագոյն արտայայտութիւնը գտան Փարիզի մէջ 1924 նոյեմբերէն մինչեւ 1925 յունուար կայացած Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան  10-րդ Ընդհանուր ժողովի որոշումներով:

Հակառակ հայրենիքի պետական նաւի խորտակման (խորհրդայնացման) փաստին` պետութեան գոյութեան իմաստը մարմնաւորող անկախութեան եւ հողային ամբողջութեան գաղափարը կը մնար կենդանի: Դաշնակցութեան համար այդ գաղափարը կանգուն պահելու եւ հետապնդելու գործը իր ճիտին պարտքն էր, ճիշդ այնպէս, ինչպէս ի՛րը եղած էր ազգային ազատագրական պայքարի առաքելութիւնը` 35 տարիներ առաջ:

Շնորհիւ այդ գաղափարական ենթահողին, հայկական սփիւռքի գաղթօճախները, իրենց պայմաններու ընձեռած կարելիութեանց սահմաններուն մէջ, կազմակերպուեցան, կառոյցներ ստեղծեցին, եղան գործօն, եղան նախաձեռնող: Անոնք գործեցին տասնամեակներ` միշտ ոստում մը աւելի կատարելով դէպի նպատակային թիրախներ, միշտ յարմարելով պայմաններուն, միշտ արդիականացնելով գործելաձեւն ու կառոյցները:

Ցաւով ներկայիս կը վկայենք այն ձեւականութիւնը, անտարբերութիւնը եւ կրաւորականութիւնը, որոնք մշուշապատած են մեր գաղթօճախներն ու անոնց կառոյցները:

Կար ժամանակ, երբ սփիւռքը ազգային-քաղաքական օրակարգ ունէր: Այդ օրակարգը հետապնդելու կամքն ու կարողութիւնը ունէր: Զայն գործադրելու համար ծրագիրներ մշակելու անհրաժեշտ տեսութիւնն ու միտքը ունէր: Մշակուած ծրագիրը գործադրելու համար անհրաժեշտ մարդուժն ու միջոցները գտնելու կարողութիւնը ունէր:

Ի տես անցեալի այդ ցուցաբերուած ուժականութեան` հարց պէտք է տալ, թէ ո՞ւր է այսօր սփիւռքի ազգային-քաղաքական օրակարգը: Մամուլի էջերէն թէ այլ հանրային միջոցներով ինքնագովաբանութիւններն ու լուսապատկերները չեն կրնար այդ օրակարգը ըլլալ: Ընկերային բնոյթի հաւաքոյթները եւ ճաշկերոյթներու ձեռնարկները չեն կրնար համազօր նկատուիլ ազգային-քաղաքական օրակարգի:

Գաղափարը կենդանի պահելու եւ անոր իրականացումը վերանուաճելու առաջադրանքը հիմքերն էին մեր ազգային-քաղաքական օրակարգին: Հայ դատը սփիւռքի պահպանման գոյութեան իմաստն էր: Անոնց շնորհիւ սփիւռքը մնաց կայուն եւ յարատեւող: Անոնց շնորհիւ սփիւռքը ստեղծեց կառոյցներ, որպէսզի դիմակալէ իր դէմ ցցուող դժուարութիւնները` միաժամանակ հետապնդելով մեր ազգային-քաղաքական օրակարգը:

Հայ դատի դէմ Թուրքիոյ, ինչպէս եւ փոքր, միջակ թէ մեծ պետութիւններուն կողմէ բարձրացուած լռութեան պատին դիմաց սփիւռքը յաւելեալօրէն կազմակերպեց ինքզինք, յաւելեալ կառոյցներ ու աշխատանքի ծրագիրի մշակեց: Մինչեւ իսկ սփիւռքը կամք ու մարդուժը արտաբերեց` վերադառնալու համար մեր յեղափոխական աւանդներուն:

Հիմա անցած կը թուին ըլլալ մեր ազգային-քաղաքական օրակարգին ի խնդիր նոր կամքի ու վերակազմակերպման ոգին եւ տրամադրութիւնը: Գտած ենք դիւրին ճանապարհը` դիմելով անմիջականը բաւարարելու եւ անձնականին յագուրդ տալու տրամադրութեան:

Հետեւաբար հարցումը ինքզինք կը պարտադրէ: Սփիւռքը սկսած է փո՞ւլ գալ: Անթոյլատրելի, այլեւ աններելի է այդ հարցումէն թելադրուող պատասխանը:

Սփիւռքը պէտք է վերականգնի, որ կարելի է միայն իր սեփական կարողականութեամբ: Միայն վերականգնած սփիւռքն է, որ կրնայ գործնապէս վառ պահել ու հետապնդել գաղափարը: Վերականգնելու համար պէտք է կրկին անգամ քաղաքականացնել ու յեղափոխականացնել սփիւռքը` իր մտայնութեամբ, գործելակերպով եւ կառոյցներով:

Միայն այդ պայմաններով է, որ կրնանք ուս-ուսի տալ հայրենիքին եւ Արցախին:

 

 

Նախորդը

«Ժողովուրդիս Հետ, Ժողովուրդիս Համար». ՀՕՄ-ի Հայաստանի Միաւորը 25 Տարեկան Է

Յաջորդը

«Իրանի Գաղութին Նօսրացման Պարագային Դժուար Է Քաղաքական Կշիռը Պահելը, Բայց Գերմարդկային Ճիգ Ի Գործ Կը Դնենք». Կարէն Խանլարեան

RelatedPosts

Աշունը Գլուխը Երկարեց
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.