Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աշխարհի Ամէնէն Մեծ Քարայրներէն Մէկուն Մէջ

December 3, 2016
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

karayr-1_120316

Վիեթնամի մէջ Հոնկ Սոն Տունկի քարայրը աշխարհի ամէնէն մեծ քարայրներէն մէկն է: Հոն այցելելու արտօնութիւն տրուեցաւ միայն երեք տարի առաջ:

karayr-2_120316

Վիեթնամի մէջ Հոնկ Սոն Տունկի քարայրը կը նկատուի աշխարհի ամէնէն մեծ քարայրը: Անոր ներքին խոռոչներէն մէկը մեծ է, որ կարելի է հոն 40 յարկանի երկնաքեր մը շինել:

Կորսուած աշխարհ մը

Քարայրը գտնուեցաւ 1991-ին: Առաջին անգամ հետախոյզները հոն այցելեցին 2009-ին: Անոնք յուսախաբ չեղան:

karayr-3_120316

Անոնք հոն գտան անհաւատալի տեսարաններ, հսկայական սթալակմիթներ, դէպի վեր բարձրացող կրահողէ սիւներ, ջրվէժներ, վայրի անտառներ: Արտասովոր աշխարհ մը, որուն կարելի է հանդիպիլ միայն արկածախնդրական վէպերուն մէջ: Սակայն այս աշխարհը վտանգաւոր է: Գետերուն ջուրերուն յանկարծակի բարձրացումը վտանգաւոր կը դարձնէ այցելութիւնը: Աշխարհի ամէնէն մեծ քարայրը կ՛ուզէ իր գաղտնիքները պահել:

Գիտէի՞ր, Թէ…

karayr-4_120316

Ամէն մարդ չի կրնար այցելել այս քարայրը: Օրինակի համար, բացումին յաջորդող տարին, 2014-ին, միայն 220 անձեր այդ առանձնաշնորհումը ունեցան:

Եթէ քարայրը այցելող մը պատրաստ է հոն մէկ շաբաթ անցընելու, ան կրնայ յուսալ քարայրը ամբողջովին կտրել մուտքէն մինչեւ ելք: Այս արկածախնդրութիւնը պիտի կարօտի մօտաւորապէս 2500 տոլարի:

Հանկ Սոն Տունկի քարայրը փորուած է անոր մէջէն անցնող գետին շնորհիւ:

Աշխարհի ամէնէն երկար քարայրը կը գտնուի Միացեալ Նահանգներու մէջ:

 

Հարցարան

Ընդհանուր Գիտելիքներ

1) Աշխարհի վրայ աւելի մեծ թիւով ստնաւորներ գոյութիւն ունին, քան` միջատներու տեսակներ:
ա-ճիշդ, բ-սխալ:

harts-1_120316

2) Քոալան բնաւ չի խմեր:
ա-ճիշդ, բ-սխալ:

3) Այծը երեք ստամոքս ունի:
ա-ճիշդ, բ-սխալ:

harts-2_120316

4) 100 տարեկանին մենք որքա՞ն ժամանակ քնանալով անցուցած պիտի ըլլանք:
ա-Մօտաւորապէս 30 տարի, բ-մօտաւորապէս 50 տարի, գ-նուազ քան 20 տարի:

5) Լեզուն մարդուն ամէնէն զօրաւոր մկանն է:
ա-ճիշդ, բ-սխալ:

6) Որո՞ւ սիրտը աւելի արագ կը տրոփէ. երեխայի՞ մը, թէ՞ չափահասի մը:

7) Մեր երկրագունդին վրայ ընդհանուր ջուրի քանակին որքա՞նը անուշ ջուր է:
ա-3 առ հարիւրը, բ-30 առ հարիւրը, գ-50 առ հարիւրը:

8) Ինչո՞ւ ծառերուն տերեւները իրենց գոյնը կը կորսնցնեն աշնան:

harts-3_120316

9) Երբ դուն կայծակը կը տեսնես եւ որոտումը կը լսես 10 երկվայրկեան ետք, կրնա՞ս գիտնալ ամպրոպին հեռաւորութիւնը: Ինչպէ՞ս:

 

Պատասխանները Վերջաւորութեան

 

Հետաքրքրական

Սահարա Անապատին Միայն 20 Առ Հարիւրը Աւազով Ծածկուած

heda-1_120316

Երբ մենք կը մտածենք Սահարային մասին, մենք յաճախ կ՛երեւակայենք անսահման աւազի բլուրներ: Սակայն իրականութիւնը ամբողջովին տարբեր է: Գիտէի՞ք, որ Սահարա անապատին միայն 20 առ հարիւրը ծածկուած է աւազի բլուրներով:

Սահարան մեր մոլորակին ամէնէն մեծ անապատն է. ան կը ծածկէ 8,5 միլիոն քառակուսի քմ տարածութիւն: Այս ընդարձակ մակերեսը ծածկուած է ոչ միայն աւազի բլուրներով, այլ նաեւ` մանրախիճերով, քարերով, կրաքարերով, լեռներով, համատա կոչուած աղի դաշտերով, չոր գետերով եւ անշուշտ` ովասիսներով:

Փիղը Օրական 200 Քիլօ Բոյս Կ՛ուտէ

heda-2_120316

Փիղերը չափազանց շատ կ՛ուտեն: Այս ստնաւորները մեծ քանակով ջերմուժի պէտք ունին ուժանիւթի իրենց պէտքը յագեցնելու համար: Եւ ասիկա շատ բնական երեւոյթ մըն է մեր երկրագունդին ցամաքային ամէնէն մեծ անասունի համար:

Փիղերը օրական իրենց մարմնին 10 առ հարիւրին ծանրութեամբ ուտելիք կը սպառեն, այսինքն օրական մօտաւորապէս 200 քիլօ ուտելիք` կազմուած բոյսերէ, պտուղներէ եւ բանջարեղէններէ: Անոնք օրական 18-20 ժամ կ՛անցընեն իրենց ուտելիքը փնտռելով:

Կիտրոնը Ելակէն Աւելի Շաքար Կը Պարունակէ

heda-3_120316

Ասիկա կրնայ տարօրինակ թուիլ, սակայն կիտրոնը շատ աւելի շաքարոտ է, քան ելակը. 100 կրամ կիտրոնը կը պարունակէ 8 կրամ կլիւսիտ (շաքար), մինչ 100 կրամ ելակին մէջ կայ միայն 7 կրամ կլիւսիտ: Կիտրոնային այս պտուղին մէջ առատութեամբ գոյութիւն ունեցող սիթրուս ասիտն է, որ կը ծածկէ շաքարին համը եւ արգելք կ՛ըլլայ մեր լեզուին վրայ գտնուող համի բջիջներուն` զանազանելու կիտրոնին մէջ այդ անուշ համը:

Կատուները Իրենց Կեանքին 70 Առ Հարիւրը Կ՛անցընեն Քնանալով

heda-4_120316

Կատուները իրենց կեանքին երկու երրորդը կ՛անցընեն քնանալով: Անոնք օրական մօտաւորապէս տասնհինգ ժամ կը քնանան. կան նոյնիսկ կատուներ, որոնք օրուան 24 ժամուան քսան ժամը քնանալով կ՛անցընեն:

Այս անասունները ունին որսացող անասուններու յատկութիւնները: Ծանօթ երեւոյթ մըն է, որ որսացող անասունները պէտք ունին երկար ժամանակ քնանալու օրուան ընթացքին` իրենց ուժերը խնայելու` գիշերը որսալ կարենալու համար: Եւ հակառակ անոր որ կատուները ժամանակի ընթացքին ընտելացած են, անոնք տակաւին պահած են վայրի անասունի իրենց այս բնաւորութիւնը:

Այն Անապատը, Որ Գարնան Կը Վերածուի Ծաղիկներով Ծածկուած Ընդարձակ Դաշտի Մը

heda-5_120316

Նամաքալանտի անապատը կը գտնուի Հարաւային Ափրիկէի եւ Նամիպիոյ միջեւ եւ կը ծածկէ 440.000 քառակուսի քմ տարածք մը: Այս անապատը Ափրիկէի ամէնէն չոր վայրերէն մէկն է. սակայն ամէն գարնան անիկա անհաւատալիօրէն կը կերպարանափոխուի` վերածուելով միլիոնաւոր ծաղիկներով ծածկուած հսկայական դաշտի մը: Այս 60.000 հեկտար մեծութեամբ տարածքին վրայ կը ծաղկին ծաղիկներու մօտաւորապէս 4000 տարբեր տեսակներ, որոնցմէ 600-ը յատուկ է այս անապատին:

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:

 

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող տասը տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող տասը տարբերութիւնները:

 

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կերպարները:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կերպարները:

 

 

 

 

 

Պատասխաններ

 

1) Սխալ: Ստնաւորները կ՛իշխեն երկրագունդին վրայ, անոնց գլխուն է մարդ արարածը: Սակայն միջատները թիւով աւելի շատ են: Գոյութիւն ունին մօտաւորապէս 4600 ստնաւորներու տեսակներ, մինչ մենք ծանօթ ենք աւելի քան 1 միլիոն միջատի տարբեր տեսակներու: 2) Ճիշդ: Ջերմիի անտառներուն մէջ ապրող բնական գրպան մը ունեցող այս անասունը բնաւ ջուր չի խմեր, որովհետեւ ան իր ջուրի պէտքը կը յագեցնէ իր կերած ջերմիի տերեւներէն: Ան օրական մօտաւորապէս մէկ քիլօ այդ տերեւներէն կ՛ուտէ: 3) Սխալ: Այծը ունի չորս ստամոքս` միւս բոլոր որոճացողներուն նման: Առաջին երկու ստամոքսներուն մէջ անասունին ուտելիքները կը խմորուին, երրորդին մէջ ջուրը եւ հանքային նիւթերը կը վերամշակուին, եւ վերջինին մէջ ուտելիքները կը մարսուին: 4) Քիչ մը աւելի քան 30 տարեկան: Երեխայ մը 24 ժամուան ընթացքին 20 ժամը կ՛անցընէ քնանալով: 10 տարեկանին մենք պէտք ունինք 10 ժամ քունի: Չափահաս տարիքին 7-8 ժամ քունը բաւարար է: Մենք մօտաւորապէս մեր կեանքին մէջ երրորդը քնանալով կ՛անցընենք: 5) Ճիշդ: Համեմատած իր չափին` լեզուն մեր մարմնին ամէնէն զօրաւոր մկանն է: 6) Երեխայի մը սիրտը: Նորածինին պարագային սրտին տրոփումը մէկ վայրկեանին մէջ 120 զարկ է: Չափահասին պարագային անիկա` 60-80 զարկ է: Սակայն եթէ ան մարզանք կ՛ընէ, անոր սիրտը կրնայ երեխայի սիրտէն աւելի արագ զարնել: 7) 3 առ հարիւրը: Եւ այս ջուրին մեծ բաժինը բեւեռային սառոյցներուն մէջ անշարժացած է: Երկրագունդին ջուրէն միայն 1 առ հարիւրը կրնայ ծառայել դաշտերը ջրելու, խմելու, լուացուելու… հետեւաբար ջուրը պէտք չէ վատնել, ան հազուագիւտ է եւ թանկագին: 8) Լոյսի պակասին պատճառով: Տերեւներուն կանաչ գոյն տուող քլորոֆիլը (կանչոն) մեծ քանակով լոյսի պէտք ունի: Երբ նուազ արեւ կայ, այդ գոյնը կ՛անհետանայ եւ ուրիշ գոյներ կը յայտնուին: 9) Կարճ բազմապատկութիւն մը ընենք: Գիտնալով, որ կայծակը որոտումէն առաջ կը յայտնուի, որովհետեւ լոյսը ձայնէն աւելի արագ կը յառաջանայ, 10 (կայծակին եւ որոտումին միջեւ անցած ժամանակը) x 340 (ձայնին արագութիւնը մեթր/մէկ երկվայրկեանին մէջ) = 3400 մեթր:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (3 Դեկտեմբեր 1966)

Յաջորդը

Խոզ, Խոզակ Եւ Խոզանակ

RelatedPosts

Ընձուղտներն Ալ Թուաբանութիւն Ընել Գիտեն
Մանկապատանեկան

Ընձուղտներն Ալ Թուաբանութիւն Ընել Գիտեն

October 10, 2026
Փոքեմոնը 30 Տարեկան Է
Մանկապատանեկան

Փոքեմոնը 30 Տարեկան Է

September 26, 2026
500 Տարուան Պահուած Գետնախնձորներ
Մանկապատանեկան

500 Տարուան Պահուած Գետնախնձորներ

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.