Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. Գեղանկարիչ Միսաք Թերզեանի «Լռութեան Ձայներ» Խորագրեալ Ցուցահանդէսի Բացում

December 2, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

missakterzian_120116

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին, երէկ` հինգշաբթի, 1 դեկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ Միսաք Թերզեանի գեղանկարներու «Լռութեան ձայնը» խորագրեալ ցուցահանդէսի բացումը:

Ցուցասրահին անունով բացման խօսքը արտասանեց Սիւզի Տէրտէրեան, որ յայտնեց, թէ Թերզեանի 127-րդը եղող այս ցուցահանդէսին ընթացքին ցուցադրուած գեղանկարներուն մէջ յստակօրէն կը տեսնենք գոյատեւելու, վերապրելու եւ վերարտադրելու ոգին: «Իր գոյներուն մէջ կայ ուժականութիւն, շարժումներուն մէջ` բարձրաթռիչ սլացքներ, եւ վերջապէս` իր գործերը ապագայի յոյս եւ ուրախութիւն կը ներշնչեն», ըսաւ ան:

missakterzian2_120116

Ապա խօսք առաւ արուեստագէտ Միսաք Թերզեան, որ անգլերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ ներկայացուց իր գեղանկարներուն նիւթը եղող լուռ ձայները, որոնք ծնունդ կ’առնեն մարդ արարածի անփոյթ ու վայրագ արարքներուն հետեւանքով: Ան իբրեւ օրինակ նշեց որսորդներու կողմէ սպաննուած թռչունները, որոնց ձայները լռեցուած են հիմա: Լուռ ձայնը անոր համար կը ներկայացնէ նաեւ վերջերս մահացած  իր գեղանկարչութեան ուսուցիչը` Կիւվտէրը, որ իրեն սորվեցուցած է ո՛չ միայն գոյներու գաղտնիքները, այլ իրեն տուած քաջութիւն ու արուեստի նկատմամբ գնահատանք:

Թերզեան նաեւ անդրադարձաւ իր գեղանկարներուն մէջ երեւցող երաժշտական նուագարաններուն, զորս կը տեսնենք, սակայն անոնց ձայնը չենք լսեր, որովհետեւ լուռ են եւ կը խորհրդանշեն կեանքէն բաժնուած մեծ երաժիշտներ, ինչպէս Կոմիտասը: Ան նշեց, որ լուռ ձայն են նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերը, մասնաւորաբար այն մանուկները, որոնց ձայները խեղդուեցան իրենց մօր արգանդին մէջ եւ այն երիտասարդները, որոնք չկրցան ամուսնանալով բազմանալ: Վերջապէս պատերազմը, որուն զոհերը եւս հայեր են, եւ մենք լուռ կը մնանք, որովհետեւ ոչինչ կրնանք ընել:

Սակայն Թերզեան նշեց, որ իր գեղանկարներուն մէջ օգտագործած է նաեւ վառ գոյներ, որոնք կը խորհրդանշեն նոր կեանք եւ յոյս:

Ցուցադրուած են 28 գեղանկարներ, որոնք գրեթէ բոլորն ալ այս տարուան գործեր են, բացի քանի մը հատէն, որոնք գծուած են 2015-ին, եւ արուեստագէտը ուզած է անգամ մը եւս լոյս սփռել անոնց վրայ:

«Լուռ ձայներ» ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 12 դեկտեմբեր 2016, առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:30:

 

 

Նախորդը

Միա՛յն Կամաւորը Արքայ Կ՛ըլլայ

Յաջորդը

«Գանձասար»-ի Խմբագրական. Հալէպ Պատմական Օրեր Կ՛ապրի

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.