Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԵԶՈ՞ՒԴ Է ՔՈՒ ՍԱՆՁԴ, ԹԷ՞ ՈՉ ԴՈՒՆ` ԼԵԶՈՒԻԴ

October 7, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱԼԵՔՍԱՆ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Սուրբ Գիրքը կ՛ըսէ, որ նոյն ակէն անուշ եւ լեղի ջուր չի՛ բխիր (Հմմտ Յկ 3.21), սակայն մարմնիդ փոքրիկ մասնիկէն` ճկուն մկանէն` լեզուէն կ՛արտաբերուին թէ՛ մեղրածոր խօսքեր եւ թէ՛ չարախինդ ասոյթներ, որոնք հատու սուսերի նման կը խոցոտեն սիրտդ, կեղծանուշ խօսքերով քեզ կը խաբեն, համոզկեր լեզուով կը փորձեն «ամոքել» քու դժուարութիւններդ, ակնթարթի մը մէջ քեզ գեհենի հրաբորբ կրակին մէջ կը նետեն, մելանուշ խօսքերով քեզ ժահրաբոյր գերեզմանի կը վերածեն, միաժամանակ լպրծուն օձերու նման կը սողոսկին քու ներաշխարհդ` մահաբեր թոյներով քանդելու համար տրամադրութիւնդ…

Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ սրբազան հայրապետներուն կողմէ հրիտակուած ու սահմանուած «Ժամագիրք»ին առաջին իսկ էջերուն մէջ հաւաքական խոստովանանքին բնագրին մէջ լայն տեղ տրուած է լեզուին կողմէ մեղանչումներուն մասին: Այնտեղ կը կարդանք. «Մեղանչեցի լեզուովս. չարախօսութեամբ, ստախօսութեամբ, սուտ երդումով, երդմնազանցութեամբ, հակառակախօսութեամբ, շողոքորթութեամբ, քսութեամբ, դատարկաբանութեամբ եւ ծաղրով, զրպարտութեամբ, պառակտիչ խօսքերով եւ անէծքով: Տրտնջալով, դժգոհելով, բամբասելով եւ հայհոյելով` մեղանչեցի Աստուծոյ դէմ»:

Տասնվեց մեծ ու փոքր մեղքեր, որոնք շատերու կողմէ աննկատ կրնան թուիլ, սակայն իրենց փոքրութեամբ իսկ կրնան պատճառ դառնալ Աստուծոյ դէմ մեղանչումիդ ու յաւիտենական կորստեանդ:

Անպարկեշտ մտքերէ ծնած անվայել բառեր, զրախօսութիւններ, զրաբանութիւններ, ասացուածքներ, կարճ նախադասութիւններ, դիմառնական ոճով ըսուած խօսքեր, ըղձական եղանակով արտասանուած անկատար նախադասութիւններ ստէպ կը լղրճուին մարդոց բերնին մէջ` զանոնք մատնելով մեղսակիր վիճակի:

Զարմանալին այն է, որ շատեր այդ «չքմեղանք»ները իրենց վրայէն թօթափելու համար իրենք զիրենք կ՛արդարացնեն` ըսելով. «Մարդ ենք, կրնանք օր մը սխալիլ եւ օր մըն ալ բարիք գործել: Մեղանչական բնութեամբ ստեղծուած ենք, մեր ձեռքը չէ մեղանչելը: Վերջապէս, մարդ ենք եւ մարդկային է տկարանալը: Լեզու է, բարկութեան պահուն կրնանք ջղային վիճակի մէջ գտնուիլ եւ հայհոյել, սակայն երբ հանդարտութեան վիճակի մէջ գտնուինք, կրնանք այս նոյն լեզուով շատերու հարցերը լուծել ու օգտակար դառնալ…»: Պատճառաբանութիւն` պատճառաբանութեանց…

Բնական է, որ մարդ արարածը կը տարբերի այլ արարածներէ: Ո՛չ մէկ կասկած ու խօսք այս մասին: Նոյնը չէ ան` իր արտաքին երեւոյթով ու նկարագրով, նոյնը չէ` իր ներքին հոգեկան իրավիճակով ու գալարումներով, նոյնը չէ` իր մտածելակերպով ու դատելու եղանակով, նոյնը չէ` իր իմացական կարողութիւններով ու գաղափարախօսութիւններով, նոյնը չէ` իր արտայայտչականութեամբ ու լեզուի դարձուածքներով:

Որքան ալ մարդ տարբերի այլ արարածներէ, չի դադրիր կշռադատող, դատաստան ընող, տրամախոհական վերլուծումներ ընող, հաստատական որոշումներ կայացնող արարած ըլլալէ: Սա կը նշանակէ է, թէ մարդ իր բազմապիսի թերութիւններով ու անկատարութիւններով հանդերձ, կրնայ իշխել իր լեզուին, սանձահարել դիւրագրգիռ իր լեզուն եւ ըստ այնմ չափաւորել իր մտածումներն ու խօսքերը:

Զուր տեղ չէ ըսուած. «Լռութիւնը ոսկի է, խօսիլը` արծաթ»: Ասոյթ մը, զոր շատեր կը սիրեն բազմապիսի նպատակներով գործածել: Շատեր կ՛օգտագործեն զայն անել վիճակի մէջ գտնուած պահուն, երբ չունին համոզիչ պատասխան մը տուեալ կացութեան: Ոմանք իրենց անգիտութիւնը ծածկելու համար, պարզապէս ունկնդիր կը դառնան իրենց իսկ չհասկցած զրոյցին կամ խօսակցութեան: Ընդոծին լռակեացներ են անոնք, որոնք համրէ մը աւելի կը պահուըտին լռութեան վարագոյրին ետեւ` իրենց բթացած միտքը ու տգիտութիւնը քողարկելու համար: Իսկ ուրիշներ իրողապէս խաղաղարար ոգիով եւ քրիստոսատիպ մօտեցումով լուռ կը մնան` «հաշտարար եզրափակում մը կատարելով հակադիր երկխօսութեան»: Ականջ ունեցողը թող լսէ…

Յակոբոս առաքեալ իր նամակին մէջ իր ուշքը կը կեդրոնացնէ լեզուին գործած աւերիչ հետեւանքներուն վրայ` նախազգուշացնելով նորափթիթ հաւատաւորները լեզուի կործանարար պատրոյգներէն. «Տե՛ս, թէ ի՛նչպէս ձիերուն բերանը սանձ կը դնենք, որպէսզի մեզի ենթարկուին, եւ անով ձիուն բոլոր շարժումները կը կառավարենք: Կամ դիտէ՛ նաւերը. որքան ալ մեծ ըլլան եւ ինչպիսի զօրաւոր հովերէ ալ քշուին, փոքրիկ ղեկ մը զիրենք կ՛ուղղէ դէպի հոն, ուր նաւավարը կը փափաքի տանիլ: Նոյնպէս ալ լեզուն. թէեւ փոքր անդամ մըն է, բայց մեծամեծ բաներով կը պարծենայ» (Յհ 3.3-4):

Տեառնեղբայր, ի՞նչ է, որ կը փորձէ սորվեցնել, երբ մարդկային լեզուն կը նմանցնէ սանձի: Սանձը ձիուն բերանը կը դրուի, որպէսզի ամբողջ ձին մեր իշխանութեան եւ տրամադրութեան տակ ըլլայ: Նոյնպէս ալ եթէ լեզուն, որ փոքր անդամ է, կարենանք զսպել, խորքին մէջ տէր կեցած կ՛ըլլանք մեր ամբողջ մարմնին` աղէտաբեր հետեւանքներէ զերծ թողելով զայն: Ձին քեզմէ աւելի հուժկու ու զօրեղ է, սակայն փոքր սանձով մը կրնայ զսպուիլ: Այնպէս ալ, քու լեզուիդ սանձահարումովը կրնաս հեռու մնալ չարաբարոյ բարբանջանքներէ, պղծաշուրթն շաղփաղփութիւններէ եւ չարանենգ ունայնաբանութիւններէ, որոնք կամայ թէ ակամայ կ՛արտաբերուին քու բերնէդ` զազրելի վիճակի մէջ ձգելով քեզ:

Առաքեալը նաեւ լեզուն կը նմանցնէ ղեկի, իսկ մարմնի միւս անդամները` նաւու: Եթէ ղեկը լեզուն է, նաւը` մարմինը, ապա ղեկավարը մարդուն կամքն է: Ինչպէս եթէ ղեկավարը նաւուն ղեկը ճիշդ ատենին չգործածէ կամ իր ազատ կամքին ձգէ, նաւը կրնայ կործանիլ եւ ջրամոյն ըլլալ, նոյնպէս ալ անկշիռ խօսք մը, անզուսպ լեզու մը կրնայ աներեւակայելի վնասներ հասցնել թէ՛ քու անձիդ եւ թէ՛ շրջապատիդ:

Թէկուզ լեզուն ձեռքին չափ երկար չէ, ո՛չ ալ կարծր է` ոսկորի պէս, ոչ ալ հաստատուն է` ոտքի պէս, այլ տկար է եւ փոքր, փափուկ է եւ դիւրադարձ, սակայն մեծ աւերներ կրնայ գործել, միեւնոյն ժամանակ մեծամեծ բաներով կրնայ պարծենալ, որ նոյնիսկ մարդուն միտքը չի կրնար անդրանցնիլ ու նուաճել զանոնք: Ահա թէ ինչո՛ւ Յակոբոս առաքեալ շարունակելով իր խօսքը` լեզուն կը նմանցնէ անկէզ հուրի մը. «Գիտէք, թէ պզտիկ կայծը հսկայ անտառ մը կրնայ հրդեհել: Լեզուն ալ կրակ է: Անիրաւութեան աշխարհ մըն է անիկա: Թէեւ պարզ մէկ անդամն է մարմինին, բայց ամբողջ մարդը կ՛ապականէ եւ գեհենի կրակով բռնկած` մեր ամբողջ կեանքը կրակով կը վառէ» (Յկ 3.5-6):

Լսուած բան է, թէ կրակը, երբ չափաւոր կերպով գործածուի, օգտակար է, որովհետեւ ե՛ւ կը ջերմացնէ, ե՛ւ կը լուսաւորէ: Սակայն երբ սաստկանայ, առաւել քան որ պէտք է, կը վնասէ ու կը կործանէ: Նոյնպէս է լեզուի պարագան. լեզուն բարեպաշտութեան զարդ է, սփոփարար սպեղանի է, ճշմարտութեան մեկնաբան է, այն ատեն` որ բարի նպատակով կը գործածուի. իսկ երբ չարութեամբ սաստկանայ, անիրաւութեան, դատարկախօսութեան ու կեղծպարիշտութեան գործիք կը դառնայ:

Ինչպէս որ կարելի չէ զսպել կրակը, երբ դաշտ մը չորցած է, այնպէս ալ կարելի չէ զսպել կործանում մը, ահեղավազ յորձանք մը, երբ չար լեզուէ մը սկսած է: Անզուսպ լեզուն սատանայի գործիք է, որ մարդիկը կ՛օձտէ ու կը կործանէ: Կործանումէն ետք ո՛ւշ կ՛ըլլայ դարմանը: Թունալից լեզուովդ ընկերդ վիրաւորելէդ, անուանարկելէդ ու քամահրելէդ ետքը, անիմաստ է ներողութիւն խնդրելը, որովհետեւ կործանումը արդէն իսկ կատարուած է:

Սիրելի՛ ընթերցող, դժոխքի կրակը անողորմ է, գութ չունի, նոյնպէս ալ դժոխքի կրակով բռնկած լեզուդ` գութ չի կրնար ունենալ: Անգամ մը որ բռնկի լեզուդ կը սկսի կատարել այնպիսի արարքներ, որոնք սատանան կը զուարճացնեն, բայց զԱստուած կը տխրեցնեն: Անխոհեմ մէկ խօսքդ կրնայ համակ կեանքդ կործանել: Զգո՛ւշ եղիր:

Հալէպ-Սուրիա

Նախորդը

ՄԵՐ ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ. ՄՏԱՀՈԳ ԾՆՈՂՆԵՐ

Յաջորդը

«ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՆ ԵՒ ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԹՈՒՐՔԻԱՅԻՆ ՕԳՏԱԳՈՐԾՈՒՄ ԵՆ ՈՐՊԷՍ ԽԱՂԱՔԱՐՏ» ԱՍՈՒՄ Է ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՀՅԴ-Ի ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ՊԼՈՔԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻՆ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.